ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ, ՄԵԾ ԶԱՅՐՈՅԹ

2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ Եւ­րո­խորհրդա­րա­նը ե­րէկ ըն­դու­նեց հա­յան­պաստ բա­նա­ձեւ մը։ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ այս կա­ռոյ­ցը թէեւ նա­խա­պէս ալ ըն­դու­նած էր շարք մը բա­նա­ձե­ւեր, սա­կայն 100-րդ տա­րե­լի­ցի մթնո­լոր­տին մէջ հեր­թա­կան նա­խագ­ծով մը ե­կաւ վե­րա­հաս­տա­տել իր դիր­քո­րո­շու­մը։ Ձայ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեամբ ըն­դու­նուած բա­նա­ձե­ւին մէջ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի «Թուր­քիա ճանչ­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։ Ո­րոշ­ման մէջ յանձ­նարա­րուե­ցաւ, որ­պէս­զի Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան 2009 թուա­կա­նին ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը վա­ւե­րաց­նեն ու գոր­ծադ­րեն ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու, սահ­ման­նե­րը բա­նա­լով ըն­թա­նան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ճա­նա­պար­հով։ Նոյն բա­նա­ձե­ւին մէջ գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը՝ հա­յոց ցա­ւե­րը բաժ­նե­լու մա­սին։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի կող­մէ ըն­դու­նուած այս բա­նա­ձե­ւը չու­նի պար­տա­դիր բնոյթ մը։ Յա­մե­նայն-դէպս, Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց կու տայ այս­պի­սի նա­խագ­ծի մը ըն­դուն­ման դէմ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ տա­կա­ւին այս բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն ա­ռաջ, դէ­պի Ղա­զա­խիս­տան ու­ղե­ւո­րուե­լու ժա­մա­նակ Ան­գա­րա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Թուր­քիոյ վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը շու­քը, բի­ծը գո­յու­թիւն չու­նի։ «Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ինչ ո­րո­շում որ ալ առ­նէ, մեր մէկ ա­կան­ջէն կը մտնէ, միւ­սէն դուրս կու գայ, ո­րով­հե­տեւ եր­բեք կա­րե­լի չէ, որ Թուր­քիա ըն­դու­նի այս­պի­սի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մը։ Բո­լո­րը պէտք է գիտ­նան այս մա­սին», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Երբ Պրիւք­սէ­լէն ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հա­սաւ սոյն բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման լու­րը, ա­պա Թուր­քիա բարձ­րա­ցուց բո­ղո­քի բուռն ձայն մը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րեց խիստ ո­ճով յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, զոր ներ­կա­յա­ցուած է յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ։ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր յայտ­նեց, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը չե­ղեալ կը հա­մա­րուի Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ։ Նա­խա­րա­րը հա­մո­զուած է, թէ այս ո­րո­շու­մը կապ չու­նի ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն հետ եւ 1915-ի դէպ­քե­րու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կու­մը զրպար­տու­թիւն մըն է։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մը ինչ­պէս պատ­մա­կան այն­պէս ալ ի­րա­ւա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն հետ, ա­ղերս չու­նի։

Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղանն ալ յայտ­նեց, թէ մէկ կողմ պէտք է թո­ղուին ձաբռտուք­նե­րը։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԷՆ ԴՐԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րե­ւան կ՚ող­ջու­նէ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ըն­դու­նած բա­նա­ձե­ւը։ Ըստ ի­րեն, այս նա­խա­գի­ծը Ան­գա­րա­յին յղեալ կա­րե­ւոր պատ­գամ մըն է՝ ճա­նա­պարհ հար­թե­լու հա­մար հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­կան հաշ­տեց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Նալ­պան­տեա­նի հա­մոզ­մամբ, այս բա­նա­ձե­ւին ըն­դուն­ման Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը վե­րա­հաս­տա­տած է իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը մար­դու ի­րա­ւանց պաշտ­պա­նու­թեան եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ։

ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ե­րէկ ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մէն վերջ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեամբ։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ծա­նօթ է Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն  յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը խո­չըն­դո­տե­լով եւ ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ փոր­ձուած է, ցան­կու­թիւն ու­նե­ցած է վերս­տին պատ­մու­թիւն գրե­լու՝ 1915-ի դէպ­քե­րուն շուրջ։ Այդ ցան­կու­թիւ­նը յան­գած է 15 Ապ­րիլ 2015 թուա­կիր ծի­ծա­ղե­լի ո­րո­շու­մի մը, ուր կը կրկնուին հա­կա­թուրք հայ­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան կա­ղա­պար­նե­րը։ Եւ­րո­խորհրդա­րա­նը այս ո­րո­շու­մով կրկնած է ժա­մա­նա­կին գոր­ծած սխա­լը՝ իր լիա­զօ­րու­թեան սահ­մա­նը գե­րա­զան­ցե­լով եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին ան­յա­րիր ձե­ւով։ Մենք լուրջ չենք ըն­կա­լեր ա­նոնք, ո­րոնք ըն­դու­նած են այս նա­խա­գի­ծը, որ կը սպան­նէ պատ­մու­թիւնն ու ի­րա­ւուն­քը։ Եւ­րո­միու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը 2014 թուա­կա­նի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն 42 տո­կո­սի հա­մե­մա­տու­թեամբ մաս­նակ­ցած են ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ որ ար­դէն ցոյց կու տայ այս խորհր­դա­րա­նի տե­ղը՝ ԵՄ-ի քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թին մէջ։

Բո­լոր ա­ռում­նե­րով սա­կաւ ան­հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեամբ այս բա­նա­ձե­ւը պատ­կան հաս­տա­տու­թեան նոյ­նու­թեամբ կը վե­րա­դարձ­նենք՝ դա­սե­լու հա­մար այն փաս­տա­թուղ­թե­րու շար­քին, զորս ա­պա­գա­յին յի­շել պի­տի չփա­փա­քին։ Ա­նոնք, ո­րոնք ըն­դու­նած են այս նա­խա­գի­ծը, հա­ւա­նա­բար կը յի­շեն, թէ Եւ­րո­միու­թիւ­նը ստեղ­ծուած է հա­մա­ձայ­նու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան մշա­կոյ­թի հիմ­քին վրայ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դու ի­րա­ւանց եւ ա­զատ շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան նման սկզբունք­նե­րուն հիմ­քով։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նէն ներս այ­սօր ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման պաշտ­պան քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք՝ Եւ­րո­պա­յի ար­ժէք­նե­րուն հետ լրիւ ան­կա­պա­կից, ա­տե­լու­թեան, քի­նախնդ­րու­թեան եւ հա­կա­մար­տու­թեան մշա­կոյ­թով սնուող­նե­րուն հետ հաս­տա­տած ի­րենց գոր­ծըն­կե­րու­թեան մէջ։

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին կող­մէ 1915-ի դէպ­քե­րուն շուրջ դրսե­ւո­րուած այս ընտ­րո­վի ու միա­կող­մա­նի մեր­ձե­ցու­մը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի գո­յու­թեան ար­ժէք­նե­րուն հետ, կրնայ վնաս հասց­նել Թուր­քիա-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ պա­րա­գայ մըն է, որ հե­ռու կը մնայ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ այս խնդրին լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լէ։

Բնա­կա­նա­բար, այս ո­րո­շու­մը չի կրնար բա­ցատ­րուիլ միայն տգի­տու­թեամբ եւ ան­տե­ղեա­կու­թեամբ։ Դժբախ­տա­բար, ա­նոր ե­տին կը գտնուի կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մո­լե­ռան­դու­թեամբ՝ տար­բեր նկա­տուա­ծի դէմ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ե­թէ կը փա­փա­քի Եւ­րո­պա­յի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց ա­պա­գա­յի մը կա­ռուց­ման նպաս­տել, ա­պա պէտք է գի­տակ­ցի, թէ տար­բեր կրօն­ներն ու մշա­կոյթ­նե­րը օ­տա­րաց­նե­լով կա­րե­լի չէ հաս­նիլ այդ նպա­տա­կին։

Գա­լով 1915-ի դէպ­քե­րուն, ակն­յայտ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Թուր­քիա լիար­ժէք կը կա­տա­րէ իր յի­շո­ղու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Կը յու­սանք, որ ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տանն ալ կը հաս­նի հա­սու­նու­թեան նման մա­կար­դա­կի մը։

Օգ­տա­կար է, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րը 1915-ի հար­ցով զբա­ղե­լէ ա­ռաջ՝ ա­ռե­րե­սուին ի­րենց իսկ պատ­մու­թեան հետ ու մա­նա­ւանդ յի­շեն Ա. Աշ­խարհա­մար­տի եւ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի նման մարդ­կու­թեան սար­սա­փե­լի ա­ղէտ­նե­րուն մէջ ի­րենց դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 16, 2015