ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Արուեստաբան ու գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ երէկ Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յոբելենական եզակի ցուցահանդէս մը։ Մեծարանքի նախաձեռնութիւնը համախմբեց մտաւորական շրջանակներէ զանազան դէմքեր։ Դժբախտաբար, Երուանդ Տէր-Խաչատրեան վերջին պահուն ակամայ չկարողացաւ մասնակցիլ իր իսկ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին։

Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ ներկայացուեցան՝ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի ջանքերով պատրաստուած կամ հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերը։ Այս ցուցահանդէսին զուգահեռ զանազան մասնագէտներ հանգամանալից ելոյթներով արժեւորեցին հեղինակաւոր մտաւորականին բազմակողմանի ու բազմամեայ վաստակը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024