ՄԻՇՏ ՎԱԽՈՒ ՄԷՋ

Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալ ամբողջ աշխարհին մէջ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ տարածաշրջանը պէտք է հեռու տանիլ անդունդի եզրէն։

Իսրայէլի զօրքերուն կողմէ Կազզէի հիւսիսի ռմբակոծումէն վերջ արդէն անհանգիստ վիճակ յառաջացած է նաեւ հարաւին։ Թէեւ Իրանի կողմէ շաբաթավերջին Իսրայէլի դէմ կատարուած գործունէութիւնը որոշ չափով անհանգստութիւնները հրահրած է, բայց եւ այնպէս, բոլորը կը հասկնան, թէ սա ունէր ձեւական բնոյթ մը։ Իսկ շատ աւելի խորքային են խնդիրները այն մարդոց, որոնք արդէն վաղուց դարձած են գաղթական։ Անոնք միշտ վախու մէջ կ՚ապրին։

Կազզէի հիւսիսի ռմբակոծումէն վերջ այժմ արդէն բոլորը կը կասկածին, որ Իսրայէլ նոյն ձեւով կրնայ ընթանալ նաեւ հարաւի պարագային, ուր Ռեֆահի ճամբարներուն մէջ ապաստան գտած են Պաղեստինէն մեծ թիւով գաղթականներ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, Ռեֆահ քաղաքի ճամբարներուն մէջ ապաստան գտած Պաղեստինի բնակիչները այս օրերուն արդէն դարձեալ ճանապարհ ինկած են՝ յուսալով, թէ կրնան վերադառնալ հիւսիսի իրենց բնակարանները։ Գաղթականները արդէն հետիոտն կը ջանան ճանապարհ առնել ընտանեօք։ Մինչ այդ, Իսրայէլի կողմէ զգուշացումներ կը կատարուին, որ Պաղեստինի հիւսիսը կը դասուի «վտանգաւոր գօտի»։ Այս զգուշացումէն վերջ երէկ զգալիօրէն նուազեցաւ թիւը այն մարդոց, որոնք այս վերջին գաղթի ալիքին կը մասնակցէին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024