ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի մէջ վերջին օրե-րուն տեղի ունեցաւ Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի նախարարական համաժողովը եւ Պոլոնիայի քաղաքականութեան չորրորդ ֆորումը։ «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցան քննարկումները, որոնց մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներու կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ Թուրքիան։ Աշխատանքներու սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Իր ելոյթին մէջ Սարգըս-եան բացատրեց, թէ բարձրագոյն կրթութիւնը այն հիմնասիւնն է, որու վրայ կը կառուցուին գիտելիքահէնք հասարակութիւնները։ Ըստ իրեն, այս առումով Պոլոնիայի բարեփոխումները վերափոխեցին Եւրոպայի բարձրագոյն կրթութեան նկարագիրը՝ ապահովելով ուսանողներու շարժունակութիւնը եւ ստեղծելով կրթական հնարաւորութիւններու լայն բազմազանութիւն։ «Պարզ է նաեւ, որ առանց համակարգային հիմնախնդիրներու յաղթահարման, հնարաւոր չէ ապահովել կրթական համակարգի մրցունակութիւնը, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ եւրոպական բարձրագոյն կրթական միջավայրին մէջ։ Հայաստան, 2005 թուականին անդամակցելով Պոլոնիայի գործընթացին, իրեն համար համագործակցային նոր հնարաւորութիւններու հարթակ մը ձեւաւորեց եւրոպական տարածքին հետ եւ ստացաւ նոր դրոյթներ՝ լաւագոյնս կիրարկելու համար միջազգային փորձառութիւնը», ըսաւ Սարգսեան։
Աւելի վերջ ան մատնանշեց, թէ եւրոպական կրթական համակարգը, յանձինս Պոլոնիայի գործընթացին, մեծ ներդրում ունեցած է աշխարհի այլ տարածքաշրջաններու կրթական բարեփոխումներուն համար՝ կրթական զանազան ծրագրերու, քաղաքական եւ հաստատութիւններու մակարդակով երկխօսութեան միջոցաւ։ Հայաստանի կրթութեան համակարգին համար կարեւոր ձեռքբերում մը եղած է 2012 թուականին Պոլոնիայի քարտուղարութեան ստանձնումը Երեւանի մէջ, ինչ որ պատասխանատու, միեւնոյն ժամանակ պատուաբեր պարտականութիւն մըն է։ «Սա եւրոպական կրթական արժեհամակարգի փորձառութիւնը բաժնելու եւ Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնները այս գործընթացին լաւագոյնս համարկելու հնարաւորութիւն մըն է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ համալսարանական համակարգէ ներս երկիրը ունի յառաջընթացի միտումներ թէ՛ որակի եւրոպական չափանիշներու գործադրութեան եւ թէ ուսանողներու շարժունութեան առումով։ «Հայաստանի կրթական մշակոյթը, որ սկիզբ առած է հնագոյն ժամանակներէն՝ որպէս իր դարաւոր պատմութեան անքակտելի մաս, մշտապէս աշխարհին ներկայացած է իր նուաճումներով։ Հայ ժողովուրդը առանձնայատուկ ակնածանք ունի գիտելիքի եւ ուսման նկատմամբ։ Գուցէ այս է պատճառը, որ իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին, երբ կողոպտուած, թա-լանուած ու հալածուած է, միակ արժէքը, որ չեն կրցած խլել իրմէ եւ որ լուսաւորած է իր դժուարին ուղին, եղած է գիտելիքը, հարիւրամեակներու ընթացքին կերտած հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։