ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՆՈՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Ե­րէկ, Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ Վի­շեկ­րա­տեան քա­ռեա­կի (Լե­հաս­տան, Չե­խիա, Սլո­վա­քիա, Հուն­գա­րիա) եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, ԵՄ-ի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվտան­գու­թեան հար­ցե­րով բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆե­տերի­քա Մո­կերի­նի, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հա­նէս Հան, ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Լիթ­վա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էտ­կարս Ռին­քե­ւիչ, Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոտ Վալսթ­րէոմ եւ Լե­հաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կժէ­կոժ Սխեթի­նա։

Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քը բա­ցուե­ցաւ Սլո­վա­քիոյ Վար­չա­պետ Ռո­պէրթ Ֆի­ցո­յի ե­լոյ­թով։ Այս առ­թիւ ան կա­րե­ւո­րեց Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի մօ­տա­լուտ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած սոյն ժո­ղո­վը, որ ա­ռիթ ըն­ձե­ռած է կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նակ­ման։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քի ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Նալ­պան­-տեան, որ ը­սաւ, թէ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը պա­հան­ջեն նոր հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին մօ­տե­ցում­ներ։ Հայ­կա­կան կող­մը քաջ կը գի­տակ­ցի զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ ընդգր­կուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան։

«Ես կը փա­փա­քիմ անդ­րա­դառ­նալ ԵՄ-ի հետ մեր ա­պա­գայ պայ­մա­նագ­րա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման գոր­ծին մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցին։ Նա­խորդ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րէն ի վեր մենք՝ մեր ԵՄ-ի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ, կ՚աշ­խա­տինք նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քին շրջա­նա­կը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ան կ՚ար­տա­ցո­լէ ԵՄ-ի հետ մեր նախ­կին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այլ մի­ջազ­գա­յին հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ։ Մար­տի կէ­սին Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի բա­նակ­ցա­յին խում­բե­րը ա­ւար­տե­ցին ա­պա­գայ ի­րա­ւա­կան հէն­քի շրջա­նա­կին շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը ու կ՚ա-կընկա­լենք, որ ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րը պի­տի հաս­տա­տեն եւ­րո­պա­կան բա­նակ­ցա­յին խում­բի ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ սկսե­լու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն», ը­սաւ Եդուարդ Նալ­պան­տեան Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015