ՔԵՄՓ ՏԷՅՎԻՏԻ ԺՈՂՈՎԸ ՋՐԲԱԺԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻ

Ա­մե­րի­կեան Մե­րի Լենտ նա­հան­գի «Քեմփ Տէյ­վի­տ» ա­ւա­նին մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը: Քեմփ Տէյ­վի­տի ա­նու­նը մեզ­մէ շա­տե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր եւ պատ­մա­կան հան-գըրւան մը կը յու­շէ: Այս­պէս 1978 թուա­կա­նին Քեմփ Տէյ­վի­տի մէջ կա­յա­ցան ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­մա­ձայ­նու­թեան նախ­նա­կան քննար­կում­նե­րը, ո­րոնք պսա­կուե­ցան տա­րի մը վերջ՝ 1979 թուա­կա­նին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թեամբ: Հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը նոր հանգ­րուան կը բա­նար իս­րա­յէ­լեան հա­­կա­մար­տու­թեան օ­րագ­րու­թեան մէջ: Այդ ժո­ղո­վին Ե­գիպ­տո­սը կը ներ­կա­յաց­նէր Էն­վէր Սե­տաթ, իսկ իս­րա­յէ­լեան կող­մը՝ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Մե­նա­հիմ Պե­կին: Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նա­յին Ա­մե­րի­կա­յի «խա­ղա­ղա­րա­ր» նա­խա­գահ Ճի­մի Քար­թը­րի «օրհ­նու­թեամբ»: Ե­գիպ­տոս եւ Իս­րա­յէլ կը շա­հէին այս հա­մա­ձա­յնագ­րէն, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ տա­րի­ներ վերջ՝ 6 Հոկ­տեմ­բեր 1981 թուա­կա­նին Գա­հի­րէի մէջ զօ­րա­հան­դէ­սի մը ըն­թաց­քին Նա­խա­գահ Էն­վէր Սե­տաթ զոհ կ­­՚եր­թար «իս­լամ եղ­բայր­նե­ր­»ու կող­մէ ար­ձա­կուած գնդակ­նե­րու: Կը զո­հուէր Սե­տա­թը, սա­կայն Քեմփ Տէյ­վի­տի հա­մա­ձայ­նագ­րին հի­ման վրայ սկիզբ ա­ռած Ե­գիպ­տոս-Իս­րա­յէլ փոխ­հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի ցայ­սօր:

Այ­սօ­րուան Քեմփ Տէյ­վի­տի հան­դի­պու­մը բո­լո­րո­վին այլ հար­թու­թեան մը վրայ է: Մինչ 1978 թուա­կա­նին Քեմփ Տէյ­վի­տը կը մի­տէր եր­կու թնշա­մի կող­մե­րը ի­րա­րու մօ­տեց­նել, ստեղ­ծե­լով խա­ղաղ Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի նոր մի­ջա­վայր մը, այ­սօր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա այս հան­դի­պու­մով կը փոր­ձէ ո՛չ միայն միա­ւոր­ներ շահիլ, այլ նաեւ իր Ա­րա­բա­կան ծո­ցի «պատ­մա­կա­ն» դաշ­նա­կից­նե­րուն ա­պա­հո­վու­թիւն­ներ տալ, որ Ի­րա­նի հետ ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն ուղ­ղուած չէ ա­նոնց դէմ: Սոյն ժո­ղո­վին Օ­պա­մա­յին տրուած ա­մե­նէն վատ «նուէ­ր­»ը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սալ­ման թա­գա­ւո­րին ժո­ղո­վէն բա­ցա­կա­յու­թիւնն է:  Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Սէու­տա­կան տար­բեր լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ կը հեր­քեն, թէ սոյն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը հասկ­նա­լի պատ­ճառ­ներու բե­րու­մով է, սա­կայն բա­ցա­յայտ է, որ թա­գա­ւո­րը ի­րեն նա­խոր­դած Ապ­տուլ­լահ թա­գա­ւո­րին ձե­ւա­չա­փե­րով չի շար­ժիր: Թա­գա­ւո­րու­թեան սե­ղա­նին վրայ կան կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րա­կար­գեր, ո­րոնց ա­ռըն­թեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ բա­ւա­կան ան­պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցուածք­ներ որ­դեգ­րեց: Դամ­կո­լեան սու­րի վե­րա­ծուած սու­րիա­կան տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կրնար ա­ւե­լին ը­նել, բայց չը­րաւ: Ան նոյ­նիսկ ձեռն­պահ մնա­լէ ան­դին եր­թա­լով իր դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պե­տին՝ Ճոն Քե­րիի բեր­նով յայ­տա­րա­րեց, թէ կա­րե­լի է խօ­սիլ եւ երկ­խօ­սու­թեան նստիլ Է­սա­տին հետ: Այս բո­լո­րէն ան­դին Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու հա­մար բարդ հարց է Ի­րա­նի կո­րի­զա­յին եր­կիր դառ­նա­լու ըն­թաց­քը: Մինչ տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին, թէ Ի­րան ար­դէն 2008 թուա­կա­նէն ի վեր կո­րի­զա­յին զէն­քի կը տի­րա­պե­տէ ու Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն կրնայ Ի­րա­նը ա­ւե­լի հզօ­րաց­նել: Այս ա­ռու­մով ալ պէտք է ը­սել, թէ Քեմփ Տէյ­վի­տի այս հան­դի­պու­մը ջրբա­ժան մըն է այն ի­մաս­տով, որ ժո­ղո­վէն ետք պարզ պի­տի դառ­նան Ա­րա­բա­կան ծոց-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ «ա­ռեւ­տու­ր­»ին վեր­ջին նի­շե­րը: Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հա­մար կան ե­րեք կա­րե­ւոր պայ­ման­ներ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Եէ­մէ­նի:

Եէ­մէ­նի մէջ սկիզբ ա­ռած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին եր­կար ժա­մա­նակ կրնան տե­ւել եւ այդ ա­ռու­մով սիւն­նի աշ­խար­հը Ի­րա­նին կող­մէ հաու­սի­նե­րու ցոյց տրուած նե­ցու­կին դադ­րե­ցու­մը պի­տի պա­հան­ջէ: Եէ­մէ­նի խնդրին հան­գու­ցա­լու­ծու­մը կրնայ նոյ­նիսկ Սու­րիոյ տագ­նա­պին հա­մար լուծ­ման նոր ճա­նա­պարհ­ներ բա­նալ, մա­նա­ւանդ, որ սու­րիա­կան ընդ­դի­մու­թեան ջո­կատ­ներ սկսած են ե­րե­ւե­լի ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ գրան­ցել: Պա­կաս կա­րե­ւոր չէ նաեւ Ի­րա­քի մէջ ապ­րող փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն անվ­տան­գու­թեան հար­ցը ու այն­տեղ շիի խմբա­ւո­րում­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին կա­սե­ցու­մը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար այս բո­լո­րէն ան­դին կա­րե­ւոր է Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ան­կում ապ­րած վար­կին դրա­կան նոր լիցք հա­ղոր­դել ու նաեւ Ի­րա­նը սի­րա­շա­հիլ: Բա­ցի այդ ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ շրջա­նին հա­մար նոր ծած­կա­գիր մը ու­նի եւ այս ա­ռու­մով Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պա­ր­զա­նիի շա­բաթ­ներ ա­ռաջ Սպի­տակ տուն տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը բնաւ պա­տա­հա­կան չէ:

Սու­րիա­կան տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լուծ­ման ու­շա­ցու­մը եւ ան­կա­րե­լի թուի­լը կապ ու­նի «մէկ տա­ն» մէջ առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն հետ: Քեմփ Տէյ­վի­տի հան­դի­պում­նե­րը նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ ո­րո­շիչ դեր կրնայ ու­նե­նալ: Հոն կա­յա­ցած նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը պարա­գա­յին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ տագ­նա­պին նոր դրա­կան հուն մը մտնե­լու ա­ռա­ջին նա­խան­շան­նե­րը կրնան ե­րե­ւիլ: Ա­րաբ­նե­րը հա­մա­ձայ­նե­լու հա­մար գա­ցին Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ: Իսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար ա­ղօտ քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րու ժա­մա­նա­կը ար­դէն ա­ւար­տած է: Շրջա­նը կա­րիք ու­նի յստակ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու:

Այս հան­դի­պու­մը կա­րե­ւոր է, սա­կայն շրջա­նին հա­մար ա­ւե­լի անհ­րա­ժեշտ է, որ շիի Թեհ­րանն ու սիւն­նի Ռիա­տը նոյն սե­ղա­նին շուրջ նստին: Այդ հան­դի­պու­մը ցարդ հո­րի­զո­նին վրայ չ՚ե­րե­ւիր, սա­կայն բա­ցո­րոշ է, որ ե­թէ Օ­պա­մա­յի նա­խա­գա­հու­թեան հանգ­րուա­նին եր­կու «ո­խե­րի­մ» կող­մե­րը երկ­խօ­սու­թեան չյա­ջո­ղին եր­թալ, ա­պա Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­պա­գայ նա­խա­գա­հի օ­րե­րուն այդ ո­խը ա­ւե­լիով պի­տի ա­ճի եւ Ա­մե­րի­կա լա­ւա­գոյնս պի­տի օգ­տուի այդ հա­կա­մար­տու­թե­նէն: Ի­րա­նի նա­խա­գա­հը կը զբա­ղի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, Ի­րա­քի նա­խա­գա­հը ըն­դու­նե­լով եւ Եէ­մէն ու Պէյ­րութ ուղ­ղա­կի մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով մոռ­նա­լով, որ ո­րե­ւէ ժա­մա­նա­կէ ա­ւե­լի ինք կա­րիք ու­նի սիւն­նի աշ­խար­հին հետ երկ­խօ­սու­թեան:

Պատ­մա­կան կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ պա­րու­նա­կող եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար կեր­տուած Քեմփ Տէյ­վի­տի ո­գին այ­սօր կը բա­ցա­կա­յի աշ­խար­հէն:

Ներ­կա­յիս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան այդ վայ­րի ընտ­րու­թիւնն ան­գամ ան­տե­ղի է, ո­րով­հե­տեւ ու­զենք կամ ոչ, այ­սօ­րուան հան­դի­պու­մը կը փոխ­կա­պակ­ցուի խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տած Քեմփ Տէյ­վի­տին հետ:

Սխալ չէ, որ Միա­ցեալ Նա­հա­նագ­ներ կը մնայ իր հզօ­րու­թեան վրայ, բայց Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի «աշ­խար­հը փո­խե­լու» եւ խա­ղա­ղու­թիւն կեր­տե­լու բո­լոր խոս­տում­նե­րը ար­դէն ջու­րը ին­կած են: Նոյ­նը կա­րե­լի է ը­սել Պա­ղես­տին-Իս­րա­յէ­լ հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար, որ այ­սօր ու­ռած եւ պա­լա­րով լե­ցուն վէր­քի տեսք ու­նի:

Քեմփ Տէ­յվի­տի ժո­ղո­վը դրա­կան նշան մը կրնայ դնել Օ­պա­մա­յի ան-ւան առ­ջեւ, սա­կայն, ա­նոր Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան հա­մար յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յաղ­թա­նակ տա­նե­լու բո­լոր կա­մուրջ­նե­րը կար­ծես թէ այ­րած են: Ու ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է, թէ այդ հանգ­րուա­նին շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար կա­յա­նա­լիք «Քեմփ Տէյ­վի­տ»­ներ դժուար թէ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015