ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն շրջագծով այսօր կարեւոր ժամադրութիւն մը նախատեսուած է Վիեննայի մէջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն ջանքերով ի մի կու գան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Անցեալ ամսուան սկիզբին պատահած, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գողծողութիւններէն ի վեր սա առաջին գագաթնային հանդիպումն է հակամարտ կողմերուն միջեւ։ Սարգսեան-Ալիեւ ժամադրութեան առթիւ կը նախատեսուի, որ Վիեննա փութան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներուն՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ժան-Մարք Էյրօ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին երկայնքով լարուածութիւնը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին։ Վիեննայի ժամադրութեան ընդառաջ հայկական կողմը ունեցաւ զոհեր։ Անշուշտ, բազում պատճառներ գոյութիւն ունին ենթադրելու համար, որ այսօրուանն ալ պիտի դառնայ նախագահներու հերթական ամուլ, ապարդիւն հանդիպումներէն մին։ Մինչ կը նախապատրաստուէր Վիեննայի հանդիպումը՝ Հայաստանի իշխանութիւնները շրջանառութեան մէջ դրին Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ փաստաթուղթի մը նախագիծը։ Պարզ է, որ նման գործընթաց մը տակաւին չէ հասունցած, սակայն մեկնաբանները դիտել կու տան, թէ այսպէսով Երեւան քաշած է իր կարմիր գիծը։ Այդ քայլը կը համարուի որպէս դիւանագիտական վերջնագիր։ Ամերիկացի վերլուծաբաններ այլ իմաստ մըն ալ կը վերագրեն այդ նախաձեռնութեան։ Արդարեւ, Երեւան յստակօրէն կ՚ազդարարէ, որ ինքն ալ ունի հակամարտութեան առկայ կարգավիճակը փոխելու ներուժը, հնարաւորութիւնը։ Ցարդ, Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումները կը մեկնաբանուին այդ կարգավիճակը փոխելու ներուժը ապացուցանելու ազդու փորձեր։ Վիեննայի հանդիպման սեմին հայկական կողմը ամրապնդել փորձած է իր բանակցային դիրքերը՝ իր հնարաւորութիւններն ալ յիշեցնելով, հանդէս գալու համար աւելի ուժեղ ձեւով։ Երեւանի պատգամներէն մին ալ այն է, որ այլեւս մտադիր չէ աչք փակելու միջնորդներու կրաւորականութեան վրայ։ Քանզի միջազգային հանրութիւնը յստակ գնահատական մը չէ տուած նաեւ վերջին պատերազմին համար, որ ցոյց տուած է, թէ առկայ կարգավիճակը ենթակայ է փլուզման։
Հայաստանեան կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ Վիեննայի ժամադրութեան ընդառաջ եռանախագահ երկիրներէն Ֆրանսա առաջարկ մը ներկայացուցած է շփման գծի կացութեան շուրջ։ Փարիզ պատրաստակամ է՝ հրադադարի խախտումները ստուգելու համար սարքաւորումներ հաստատելու ուղղութեամբ, համապատասխան մասնագէտներու տարածքաշրջան ուղարկումով հանդերձ։ Այդ մասնագէտները կրնան նաեւ որոշ չափով խաղաղապահներու դերակատարութիւն ստանձնել, զուգահեռաբար կը քննարկուի նաեւ, որ այդ մասնագէտները ուղարկուին համանախագահ երեք երկիրներէն։
Թէեւ Սարգսեան-Ալիեւ այսօրուան ժամադրութեան վրայ մեծ յոյսեր չեն դրուիր, սակայն առիթը ընդհանրապէս կը գնահատուի դրական։ Դժուար չէ նախատեսել, որ սա պիտի մնայ լոկ հանդիպում, այսինքն անոր հիման վրայ պիտի չսկսին բանակցութիւններ։ Յամենայնդէպս, նախագահներու իւրաքանչիւր հանդիպման կը վերագրուի դրական նշանակութիւն։ Այլապէս, շփումներու բացակայութիւնը ա՛լ աւելի կը վատթարացնէ ճակատի կացութիւնը։ Ռուս մասնագէտներ համոզուած են, թէ դասեր պէտք է քաղել վերջին պա-տերազմէն եւ հրադադարի գոնէ յա-րաբերական կայունութեան ապահով-ման համար ձեռք պէտք է առնուին միջոցներ, պէտք է կանխուին նոր մարտական գործողութիւնները։