ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։

Լուքաշենքօ, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Պաքու, այս առաւօտ արդէն բանակցութիւններու ձեռնարկեց Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան ու գիւղատնտեսութեան ոլորտներէն ներս համագործակցութեան զարգացումը։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024