ՇԻ-ՓՈՒԹԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին նոր պաշտօնավարութեան ժամկէտի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փեքին, ուր հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Երկու ղեկավարները նախ սահմանափակ ձեւաչափով զրուցեցին, ապա գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու քննարկումները։ Բանակցութիւնները ընդհանուր առմամբ երկուքուկէս ժամ տեւեցին։ Շի Ծինփինկն ալ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալեց՝ մօտաւոր անցեալի դէպի Եւրոպա շրջագայութենէն անմիջապէս վերջ։

Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս վերջին իրադարձութիւններով Մոսկուա-Փեքին ռազմավարական համագործակցութեան ա՛լ աւելի խորացման ուղղութեամբ պայմաններ ստեղծուած են։ Կողմերը էապէս կը կարեւորեն նաեւ երկկողմանի առեւտուրի պարագային զարգացման թափի պահպանումը։ Կը հաղորդուի, որ անոնք շեշտած են, որ ընտրութիւն կատարած են բազմաբեւեռ աշխարհի ձեւաւորման եւ տնտեսական համաշխարհայնացման ուղղութեամբ։

Չինաստանի մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փութին անդրադարձաւ Ուքրայնայի հետ պատերազմին։ Ան շեշտեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է երկխօսութեան, սակայն բանակցութիւններուն մէջ հաշուի պէտք է առնուին ո՛չ միայն Ուքրայնայի, այլեւ իր երկրի անվտանգութիւնն ու շահերը։ Իր խօսքով՝ Քրեմլին Արեւմուտքին քանիցս յիշեցուցած է, որ միջազգային իրաւունքը պէտք է գործադրուի հաւասար ձեւով, առանց կրկնակի չափանիշներու։ Փութին աւելցուց, որ Մոսկուա հաշտ աչքով կը դիտէ Փեքինի կողմէ առաջարկուած քաղաքական լուծման ծրագիրը։

Ըստ Փութինի, Չինաստան տեղեակ է, որ այս հակամարտութիւնը ինչպէ՛ս ծագած է, որո՛ւ կողմէ եւ ի՛նչ նպատակով հրահրուած է Ռուսաստանի զինուորական միջամտութիւնը։ Զանազան մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ իր յայտարարութիւններուն ժամանակ Փութին փորձած է այնպէս ձեւացնել, թէ Փեքին Մոսկուայի դաշնակիցն է։

Հինգշաբթի, Մայիս 16, 2024