ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ահեռանկար սադրանքները՝ նորանոր յարձակումներ կատարելով Հայաստանի վրայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները այս առաւօտ դարձեալ կրակ բացած են սահմանակից Երասխի վրայ։ Անցեալ օր ալ Երասխը Ատրպէյճանի բանակին կողմէ թիրախաւորուած էր, ինչ որ միջազգային շահագրգիռ դերակատարներու լայն արձագանգին պատճառ դարձած էր։ Նախիջեւանի կողմէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ է Երասխը, ուր կը գործէ հանքարդիւնաբերութեան գործարան մը, որ օտար դրամագլուխով ձեռնարկութիւն մըն է։ Ատրպէյճանի բանակը ահա այս կէտը կը թիրախաւորէ։ Այս առաւօտ ալ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակի տակ առած են նոյն կէտը։ Բաց աստի, շրջափակեալ Արցախի կողմէն ալ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ փորձած են Լաչինի միջանցքէն յառաջանալ, խախտել սահմանը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս տեղադրել Ատրպէյճանի դրօշը։ Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը միջամտելով կասեցուցած են այդ ոտնձգութիւնը։

Առկայ ծանր վիճակին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ կը շարունակէ իր արմատական յայտարարութիւնները։ Ան երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆը։ Երկու ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ ըսաւ. «Հայաստան պէտք է թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է. Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»։ Ասուլիսի ընթացքին Ալիեւ տեղեկացուց, որ Շերիֆին տեղեկութիւններ տուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրին համար ձեռնարկուած բանակցութիւններուն մասին։ «Ես կը կարծեմ, թէ այս համաձայնագրի ստորագրման համար հեռանկարներ կան», ըսաւ Ալիեւ։ Իր կարգին, Շահպազ Շերիֆն ալ կրկնեց իր երկրին ամբողջական համերաշխութիւնը Ատրպէյճանի հետ։ Ան յայտնեց, որ Իսլամապատ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ՝ նախքան Երեւան-Պաքու վերջնական համաձայնութեան։

Մինչ Ատրպէյճանի զօրքերը կը թիրախաւորեն Երասխը, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման տեսակէտէ կարեւոր կէտ մըն է, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ «Մոսկուա գրեթէ ամէն օր կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցերով։ Ռուսաստան կը մասնակցի բանակցութիւններու, լուծումներ կ՚առաջարկէ, հաղորդակցութիւն կ՚ապահովէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն միջեւ, երկխօսութեան հարթակ։ Ես երբեք չեմ պատասխաներ այն հարցումներուն, թէ յստակ ե՛րբ պիտի ըլլայ ապաշրջափակումը, որքան արագ կամ դանդաղ՝ երբ կողմերը պայմանաւորուին, այդ ժամանակ ալ տեղի կ՚ունենայ», ըսաւ Օվերչուք։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնն ալ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ վերջին դէպքերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, Ուաշինկթըն յորդորեց, որ Երեւան եւ Պաքու միասին աշխատին՝ առկայ տարաձայնութիւնները յաղթահարելու համար։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըր ըսաւ. «Ընդհանրապէս, ինչպէս գիտէք, մենք կը հաւատանք, թէ համաձայնութիւնը կը շարունակէ հասանելի ըլլալ եւ մենք անհամբեր կը սպասենք երկու երկիրները համոզել՝ յառաջ շարժուելու»։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023