ԷՐՏՈՂԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է ՓՈՒԹԻՆՆ ՈՒ ՍԻՍԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութենէն վերջ Թուրքիոյ շփումները վերստին կը խտանան միջազգային գործընկերներուն հետ։ Անգարա նոր շրջանին համար դիւանագիտական նոր նախաձեռնութիւններու կը պատրաստուի՝ մանաւանդ, որ նշանակուած է նաեւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը. յանձինն Հաքան Ֆիտանի։
Մոսկուայէն հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ շրջանին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Քրեմլինի աղբիւրները շեշտեցին, որ այցելութեան ժամկէտը տակաւին չէ յստակացած։
Բաց աստի, յառաջիկայ շրջանին կ՚ակնկալուի նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի այցելութիւնը Թուրքիա։ Անգարա-Գահիրէ առանցքի երկար վերիվայրումները միջոցէ մը ի վեր իրենց տեղը թողած են ձիւնահալի։ Այս մթնոլորտին մէջ նախագահ Էրտողան Թուրքիա հրաւիրած է Եգիպտոսի նախագահ Սիսին։ Նախագահներու ժամադրութեան ամենայն հաւանականութեամբ նախորդէ Հաքան Ֆիտանի Գահիրէ այցելութիւնը։ Հակառակ քաղաքական անբարենպաստ պայմաններուն, Թուրքիա-Եգիպտոս առեւտուրի ծաւալը մօտաւորապէս 9 միլիառ տոլարի մակարդակին հասած է։ Յարաբերութիւններու կարգաւորում նոր ձեռքբերումներ կրնայ ապահովել երկու երկիրներուն համար: