ՄԱՀ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՎԻՐԱԲՈՅԺ ՍԵՐԺ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ Սերժ Սիմոնեան։ «Նոր Յառաջ»ի մէջ այս կապակցութեամբ կը կարդանք հետեւեալը.-

Յունիս 13-ին, ֆրանսահայ համայնքը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին՝ վիրաբոյժ տքթ. Սերժ Սիմոնեանը, որ կեանքէն հրաժեշտ առաւ 85 տարեկանին։ Իր մասնագիտական ասպարէզէն անդին, ողբացեալին անունը անանջատելի պիտի մնայ մարդասիրական անհամար նախաձեռնութիւններէ, առաքելութիւններէ, հայկական աշխարհէն ներս։

Տքթ. Սիմոնեան 1975 թուականին, տքթ. Միշել Տերվիշեանի անմիջական գործակցութեամբ վերահիմնած է Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը (UMAF), որուն առաջին նախագահը եղած է։ Այս կառոյցին որոշ ժամանակ անց հսկայական բեռ մը պիտի վիճակէր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին հետեւանքով։ Տքթ. Սիմոնեան եւ իր ընկերները անգնահատելի գործ մը գլուխ հանեցին եւ աջակցութիւն ցուցաբերեցին երկրաշարժէն տուժածներուն՝ ո՛չ միայն անհատական ներդրումով, այլեւ իրենց ֆրանսացի գործընկերներէն շատերն ալ ներգրաւելով։ Անոնք այսպէսով պատուհասին՝ մարդ արարածին վրայ գործած աւերները ըստ կարելւոյն թեթեւցուցած էին։

Տքթ. Սիմոնեան, բժշկական աջակցութեան կողքին, ձեռնամուխ եղած էր նաեւ նիւթական աջակցութեան։ Երկրաշարժին տարիին, աղէտի գօտիին համար դրամահաւաքի նպատակով ստեղծուած «SOS Arménie»ին ալ գլուխը անցած էր եւ որպէս տեղւոյն կացութեան քաջատեղեակ՝ նուիրումով վարած էր անոր նախագահութիւնը։

Երբ աղէտին պատճառած վէրքերը յարաբերաբար սպիացած էին, անխոնջ բժիշկը «Եան՚ց» ակումբին վրայ սեւեռած էր իր ներդրումը։ Տասնամեակներ շարունակ՝ մինչեւ իր մահը ծառայած էր այդ ակումբին։ «Եան՚ց»ի ընկերները դարձած էին անոր երկրորդ ընտանիքը։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցն ալ այն է, որ այդ ընկերներն էին անոր մահուան բօթը առաջին հրապարակողները։ Անոնք Դիմագիրքէն՝ «Եան՚ց»ի էջով գուժեցին. «YAN'S Club-ի ոգին էր։ Դուք չէիք կրնար անցնիլ առանց նկատելու զայն, որ նստած կ՚ըլլար փոքրիկ սեղանին առջեւ, հարթակին վրայ, ստուգելու համար ներկաները։ Այսօր իր մահկանացուն կնքեց «Եան՚ց» ակումբի մեր սիրելի ընկեր եւ գանձապահ տքթ. Սերժ Սիմոնեանը։ Բառ չենք գտներ արտայայտելու մեր անսահման ցաւը։ Սե՛րժ, մի՛ մտահոգուիր. մենք միշտ հոգատար պիտի ըլլանք քու մանկիկին՝ ակումբին»։

Կայ տակաւին Սերժ Սիմոնեանի կրթասիրական նուիրումը։ Վերջին տարիներուն ան մեծ վաստակ ունեցած էր ֆրանսահայ համայնքէն ներս հասունցած դպրոցաշինութեան ծրագրերուն։

Տքթ. Սերժ Սիմոնեանի կորուստով անխուսափելիօրէն ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան մէջ կը շրջուի էջ մը։

Յուղարկաւորութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ։ Իր մարմինը պիտի ամփոփուի Ալֆորվիլի գերեզմանատան մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023