ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան վեր­ջին օ­րե­րուն սկսած է ա­ւե­լի խտա­ցեալ ձե­ւով խախ­տել հրա­դա­դա­րը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, շփման գծի հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեան վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը սկսած են օգ­տա­գոր­ծել 60 մի­լի­մեթր տրա­մա­չա­փով ա­կա­նա­նե­տեր։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը ըստ էու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած են հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թեան ու փո­խա­դարձ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րած են՝ միայն խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, հայ­կա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի կող­մէ ռու­սա­կան «Վե­տո­մոս­տի» լրա­տուա­մի­ջո­ցին տրուած հար­ցազ­րոյ­ցը։ Ծա­նօթ է, որ Ո­ւոր­լիք վեր­ջին օ­րե­րուն Մոս­կուա այ­ցե­լեց՝ Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին շուրջ։ Հար­ցու­մի մը պա­տասխա­նե­լով ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը ը­սաւ.

«Գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձուին Ատր­պէյ­ճա­նին՝ հա­մա­լիր կար­գա­ւոր­ման մը շրջագ­ծին մէջ։ Այս­տեղ կա­րե­ւոր է չկեդ­րո­նա­նալ կար­գա­ւոր­ման մէկ սկզբուն­քի կամ տար­րի վրայ։ Տա­րածք­նե­րը պէտք է վե­րա­դար­ձուին, սա­կայն կան նաեւ այլ գոր­ծօն­ներ»։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ո­ւոր­լիք տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ Մոս­կուա­յի վեր­ջին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը խօ­սած են կա­րե­ւոր հար­ցե­րու մա­սին, ո­րոնք կը քննար­կուին ար­դէն շուրջ տասն տա­րիէ ի վեր։ Ըստ ի­րենց, ա­նոնց շար­քին են՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կը, փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ի­րա­վի­ճա­կը, անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րը։

Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի սոյն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ 1991 թուա­կա­նի սահ­ման­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լը գայ­թակ­ղու­թիւն կը ստեղ­ծէ ժո­ղո­վուր­դի նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը են­թարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ո­ւոր­լի­քի հար­ցազ­րոյ­ցը Tert.am կայ­քէ­ջին հա­մար մեկ­նա­բա­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան, որ յայտ­նեց, թէ 1991-ի սահ­ման­նե­րուն վե­րա­դառ­նա­լը կեն­սու­նակ չէ։ Կեան­քը ար­դէն գործ­նա­կա­նօ­րէն ա­պա­ցու­ցա­նած է այս հան­գա­ման­քը։

«Սա ուղ­ղա­կի հա­կա­ռա­կոր­դին հա­մար գայ­թակ­ղու­թիւն կը ստեղ­ծէ յար­ձա­կե­լու մեր վրայ, տես­նե­լով, որ այդ պա­րա­գա­յին կղզիա­ցում մը կայ՝ մենք տկար ենք, շրջա­փա­կուած, ի վի­ճա­կի չենք ինք­զինք­նիս պաշտ­պա­նե­լու։ Սա գայ­թակ­ղու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լու, ինչ որ տե­ղի ու­նե­ցած էր 1988-ին՝ Սում­կայ­թի, Պա­քուի, Կի­րո­վա­պա­տի, Հիւ­սի­սա­յին Ար­ցա­խի, Հա­րա­ւա­յին Ար­ցա­խի, Հադ­րու­դի շրջա­նի հա­յա­թա­փու­մով, ա­պա՝ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մով ե­ւայլն։ Եւ սա ոչ թէ յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րու խնդիր է՝ անբ­նա­կան գա­ղա­փար­նե­րու հարց է, այլ սա մարդ­կա­յին պարզ անվ­տան­գու­թեան հարց մըն է», ը­սաւ ան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան ընդգ­ծեց, որ ի­րենց տես­լա­կա­նը այս հար­ցին մէջ չէ փո­խուած։ «Հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար կար­գա­ւո­րուիլ մի­միայն փորձ կա­տա­րե­լով հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու, անհ­րա­ժեշտ է ա­ռա­ջին հեր­թին պատ­ճառ­նե­րը վե­րաց­նել։ Եւ ե­թէ պատ­ճառ­նե­րու ո­րե­ւէ ձե­ւով չեն անդ­րա­դառ­նար, ա­պա հե­տե­ւանք­նե­րու մա­սին խօ­սի­լը ա­նի­մաստ է։ Այս սահ­ման­նե­րը, մեր նոր կար­գա­վի­ճա­կը՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան, այս բո­լո­րը հե­տե­ւանք­ներ են։ Պատ­ճառ­նե­րը ժա­մա­նա­կին չեն վե­րա­ցուած, տե­ղի տուած են պա­տե­րազ­մի եւ հի­մա կայ այն ինչ որ ու­նինք։ Հի­մա հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու փորձ կա­տա­րե­լը ա­ռանց պատ­ճառ­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու, ոչ միայն ա­նի­րա­տես է, այլ նաեւ ճա­նա­պարհ կը հար­թէ սար­սա­փե­լի զար­գա­ցում­նե­րու հա­մար տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս, պա­տե­րազմ­նե­րու, ա­րեան, մա­հե­րու։ Ա­սոր հա­մար է, որ մենք կ՚ը­սենք՝ պատ­ճառ­նե­րը պէտք է վե­րաց­նել», ա­ւել­ցուց Պա­պա­յեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015