ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերուն մասնակցութեամբ երէկ սկսան «Արծիւ գործընկեր-2024» ռազմափորձերը։ Այս համատեղ զօրավարժութիւններու սկիզբին հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Քրիստինա Քվինի։ Նախարար Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Այս զօրավարժութիւնները՝ որոնք մինչեւ յուլիսի 24-ը պիտի շարունակուին, կ՚ենթադրեն խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտ կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ։ Անոնց նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակից ստորաբաժանման գործակցելիութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակներէն ներս, իրականացնել կառավարման ու մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձառութեան փոխանակումը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման ընդունակութիւնները։ «Արծիւ գործընկեր-2024»ին կը մասնակցին Հայաստանի զինեալ ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի ցամաքային զօրքերէն, բաց աստի Քանզասի ազգային ստորաբաժանումէն զինուորներ։ Համատեղ զօրավարժութեան բացումը տեղի ունեցաւ «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիայի համալիրէն ներս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024