ՊԱՇԱՐԵԱԼ ԱՐՑԱԽԻՆ Ե՞ԼՔ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին ընդառաջ հրատապօրէն կը քննարկէ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Պաշարեալ Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապը Նիւ Եորքի մէջ բաց ձեւաչափով կը քննարկուի միջազգային հանրութեան յառաջատար դերակատարներուն կողմէ։ Քաղաքական մեկնաբանները համոզուած են, թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս այս ուղղութեամբ հայկական կողմին տեսակէտէ դրական արդիւնքի մը հասնելու համար անհրաժեշտ է Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու եւ Ռուսաստանի միջեւ նուազագոյն փոխըմբըռ-նում մը։
Նիւ Եորքի այսօրուան քննարկումներուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան Քոլոննային ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վատթարացող մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները։ Ան ընդգծեց, որ կացութիւնը կրնայ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ վերածուիլ իսկական մարդասիրական աղէտի մը։
Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակչութեան եւ յատկապէս՝ խոցելի խումբերու համար ստեղծուած ծանրագոյն պայմանները։ Այս ամբողջին մէջ ան մատնանշեց սնունդի եւ դեղօրայքի սուր պակասը։ Նախարարը շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ մուտք ունեցող միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնն է Կարմիր խաչը, սակայն անոր ալ Լաչինի միջանցքով լիարժէք եւ անխափան գործունէութեան ապահովման պարագային կան սահմանափակումներ, ուստի այդ հարցին լուծումն ալ հրամայական կը համարուի։
Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ գումարելու նպատակով Հայաստանի կողմէ ներկայացուած դիմումին։ Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան չի կատարեր մինչ օրս միջազգային գործընկերներու, կառոյցներու կողմէ բազում հասցէական ուղերձները եւ արդէն ութը ամիսէ ի վեր արգելափակուած կը պահէ Լաչինի միջանցքը, կը խափանէ ո՛չ միայն 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութիւնը, այլեւ՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի փետրուարի 22-ի եւ յուլիսի 6-ի վը-ճիռները։
Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապի շարունակական խորացումը կրնայ վտանգի տակ դնել տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը։ Ան ընդգծեց, որ առկայ դրութիւնները արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու եւ Լաչինի միջանցքի փակման վերացման ուղղութեամբ յստակ քայլերը անհրաժեշտ են։
Իր կարգին, Քաթրին Քոլոննան ալ դիտել տուած է, որ Ֆրանսա խոր մտահոգութեան մատնուած է, որովհետեւ աւելի քան ութը ամիսէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը կը կրէ առկայ իրավիճակի հետեւանքները։ Ան ափսոսանք յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող այս շրջափակման մասին, ինչ որ կը հակասէ հրադադարի համաձայնագրերով ստանձնուած պարտաւորութիւններուն եւ կը վնասէ բանակցային գործընթացին։ Քաթրին Քոլոննա վստահեցուցած է, թէ Ֆրանսա լիարժէք շարժման անցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան աջակցելու նպատակով։
Նիւ Եորքի այսօրուան ժողովի նախօրեակին, երէկ, հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանի արդի նիւթերուն շուրջ։ Ըստ ռուսական աղբիւրներուն, առանձնապէս կարեւորութիւն ցուցաբերուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը շտապ թուլացնելու ուղղութեամբ աւելի վաղ համաձայնեցուած քայլերու՝ ներառեալ մարդասիրական երթուղիներու եւ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը։ Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կայունացման տեսակէտէ այլընտրանք չունի Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած բոլոր համաձայնութիւններուն կատարումը։ Լաւրով եւ Պայրամով համամիտ գտնուած են, որպէսզի այդ ուղղութեամբ յստակ աշխատանքը քաղաքական-քարոզչական շարժումներով փոխարինելու փորձերը արդիւնաւէտ չեն։
Նիւ Եորքի այսօրուան կարեւոր ժողովին ընդառաջ Ուաշինկթընն ալ հերթական անգամ Պաքուի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ազատ երթեւեկութիւնը վերականգնուի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբեր Վետանթ Փաթել այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք խորապէս մտահոգուած կը մնանք Լաչինի միջանցքի շարունակական փակ մնալուն կապակցութեամբ՝ յատկապէս, որ փակ է առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու համար։ Մարդասիրական երթեւեկութեան դադրեցումը, մեր կարծիքով, կը վատթարացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խարխլէ խաղաղ գործընթացէն ներս վստահութիւն կառուցելու ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը։ Մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք՝ վերականգնել առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր ինքնաշարժներու ազատ երթեւեկութիւնը այդ միջանցքով»։ Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան նիստին ընթացքին կը շարունակուին Ղարաբաղի հարցով քննարկումները։ «Մենք հետեւողականօրէն ընդգծած ենք եւ կրկնած, որ ուղիղ երկխօսութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի լուծելու համար այդ երկարատեւ հակամարտութիւնը եւ մենք կը կարծենք՝ որեւէ ներգրաւուածութիւն, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն, լաւ բան կ՚ըլլայ եւ դրական քայլ մը դէպի յառաջ», աւելցուց Փաթել։
Հարկ է նշել, որ ամերիկացի քոնկրեսականներն ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի այսօրուան ժողովին ընդառաջ Արցախի պաշարման հարցին շուրջ անընդհատ կոչեր կը բարձրաձայնեն՝ հասցէագրուած Սպիտակ տան եւ Ուաշինկթընի գործադիր իշխանութիւններու միւս օղակներուն։
Մինչ միջազգային հարթութեան վրայ ուշադրութեան առանցքին կը գտնուի Նիւ Եորքի այսօրուան ժողովը, դաշտի վրայ իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորած են Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անդամները, որոնք սահմանին վրայ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Այս զգայացունց իրադարձութեան յաջորդած արձագանգն ալ եղաւ հետաքրքրական։ Արդարեւ, Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը նախ հերքեց, ապա հաստատեց կրակոցներու թիրախ դառնալու մասին լուրերը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան հարցազրոյցի մը մէջ տեղեկացուց, որ յաջորդ ամիս նոր հանդիպումներ նախատեսուած են Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան նպատակով։