ԿԱԼԱՆՔԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ
Ռուսահայ յայտնի գործարար Լեւոն Հայրապետեան ազատուեցաւ տնային կալանքէ։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր ան դատական որոշումով տնային կալանքի տակ կը գտնուէր «Պաշնէֆթ» ընկերութեան բաժնետոմսերու վերաբերեալ ապօրինութիւններուն շրջագծով իրեն վերագրուած պնդումներուն բերումով։ Սա արդէն տնային կալանքի համար նախատեսուած առաւելագոյն ժամկէտն է ռուսական օրէնսդրութեան մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քննիչի որոշմամբ՝ Լեւոն Հայրապետեանի պարագային խափանման միջոցը տնային կալանքի փոխարէն վերածուած է չբացակայելու մասին ստորագրութեան։
«Պաշնէֆթ» ընկերութեան վերաբերեալ գործով Լեւոն Հայրապետեան կալանքի տակ կը պահուէր անցեալ տարուան Յուլիսի 17-էն ի վեր։ Իսկ խարդախութեամբ 700 հազար տոլար իւրացուցած ըլլալուն վերաբերեալ ուրիշ գործի մը բերումով ալ նոյնպէս տնային կալանքի տակ էր անցեալ տարուան Սեպտեմբերէն ի վեր։ Այս երկրորդ գործին շուրջ Ռուսաստանի Աւագ դատախազութիւնը չէ հաստատած մեղադրական եզրակացութիւնը՝ նիւթերը վերադարձնելով յաւելեալ քննութեան պահանջով։