ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԵԾ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որուն յաջորդեց նաեւ երթ մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս մեծ հանրահաւաքին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս հանրահաւաքը կազմակերպուած էր՝ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ, որու կուսակցապետն է Փաշինեան։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը մայրաքաղաք Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած է Տիգրան Աւինեանը։ Երէկուան հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ի պաշտպանութիւն եւ ի զօրակցութիւն Տիգրան Աւինեանի, որ եւս Նիկոլ Փաշինեանի առընթեր հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Մե՛նք կ՚ընենք» կարգախօսով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023