15-ՐԴ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ՏԷՐԵՐՈՒՆ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած համանուն մրցանակներուն 15-րդը երէկ երեկոյեան յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Ամէն տարի նահատակ լրագրողի ծննդեան օրը կը կազմակերպուի այս մրցանակաբաշխման հանդիսաւոր հաւաքոյթը, որ առիթ կը դառնայ թէ՛ անոր ոգեկոչման եւ թէ ժառանգութեան արժեւորման։

15-րդ «Հրանդ Տինք» մրցանակը շնորհուեցաւ Թուրքիայէն՝ «Աչըք ռատիօ»ին եւ Քոլումպիայէն՝ Խոզէ Ալվէար Ռասթրեփօ փաստաբաններու խումբին։ Յիշեալ ձայնասփիւռի կայանը Թուրքիոյ մէջ կը համարուի այն հիմնական լրատուամիջոցը, որ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ կլիմայի փոփոխութեան եւ բնապահպանական խնդիրներուն վրայ։ Իսկ Քոլումպիայի փաստաբաններու խումբը՝ մարդու իրաւանց ոտնձգութիւններու վերաբերեալ բազմաթիւ դատավարութիւններու մէջ կը ստանձնէ դերակատարութիւն։

Երէկուան մրցանակաբաշխման արարողութեան տանտէրն էր՝ «Արթեր»ը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Եիղիթ Էօզշէնէրի հանդիսավարութեամբ։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախագահ Ռաքել Տինք հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին դիտել տուաւ, թէ կառոյցը զօրակցութեան, լաւութեան, հաւասարութեան, արդարութեան, բնութեան եւ մարդու ապրելու իրաւունքին կողմնակից ու հետամուտ է։ Ռաքել Տինք ըսաւ. «Բեւեռացնող, վանող քաղաքականութեան դէմ մենք կը շարունակենք պայքարիլ մեր հարեւաններուն հետ խաղաղութեան մէջ, յարգանքի, սիրոյ հիման վրայ աւելի լաւ, խաղաղ, արդար աշխարհ մը եւ երկիր մը ունենալու համար»։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2023