ՆԱԽԱԳԱՀ ԱԼԻԵՒԻ ՁԵՌԱՄԲ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԾԱԾԱՆԻԼ ՍԿՍԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՐՕՇԸ

Շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնապէս ծածանիլ սկսաւ Ատրպէյճանի դրօշը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Արցախի նախագահի ապարանքի շէնքին առջեւ ան պաշտօնապէս բարձրացուց իր երկրին դրօշակը։ Ի դէպ, նոյն շէնքի ճակատին վրայ տեղադրուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի զինանշանը՝ փոխարինելով Արցախի Հանրապետութիւնինը, որ արդէն տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնապէս գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրի։

Նախագահ Ալիեւ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ այս առթիւ՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը տարած է մեծ յաղթանակ մը, ինչ որ կը մնայ յաւերժ։ Միեւնոյն ժամանակ, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ղարաբաղի անջատողական ղեկավարները պիտի կրեն իրենց արժանի պատիժը։ Հարկ է նշել, որ այս բոլորը զուգադիպեցան Իլհամ Ալիեւի՝ առաջին անգամ Ատրպէյճանի նախագահ ընտրուելու 20-րդ տարուան։

Այս իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կարիքներու դիմագրաւման հարցը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Երեւանի ղեկավարութեան օրակարգը։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Խաչատրեան, որ միեւնոյն ժամանակ Մարդասիրական կեդրոնի աշխատանքները կը համակարգէ, շաբաթավերջին մանրամասնութիւններ հաղորդեց այս կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ արտասահմանէն 35 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի՝ բռնի տեղահանեալներու կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Ըստ Տիգրան Խաչատրեանի, այս պահուն Հայաստանի մարզերուն մէջ արդէն հաշուառուած է 85 հազար բռնի տեղահանուած անձ։ Սա կը նշանակէ, որ Արցախէն գաղթածներուն զգալի մասը՝ որպէս բնակութեան ժամանակաւոր վայր, ընտրած է Հայաստանի մարզերը։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած պաշտօնատարներու վերջին խումբն ալ շաբաթավերջին Արցախը լքելով անցաւ Հայաստան։ Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Յունան Թադէոսեան այս կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այս պահու դրութեամբ իր իսկ ցանկութեամբ մնացած է միայն 8-10 հոգի։ «Մէկ մասը հոգեկան խնդիրներ ունի, մէկ մասն ալ անճար է, կ՚ուզէ մնալ իր քաղաքին մէջ եւ տարհանման պահուն կ՚ըսէր՝ սա իր հողն է եւ կ՚ուզէ այնտեղ մեռնիլ։ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները օրերս տեսանիւթեր հրապարակած են՝ ցոյց տալով Ստեփանակերտի մէջ 30 հոգիի համար ստեղծուած աջակցութեան կեդրոնը, որու ծառայութիւններէն օգտուած է 11 անձ», ըսաւ Թադէոսեան։

Ամերիկեան նշանաւոր «Time» ամսագիրն ալ վերջերս անդրադարձաւ Արցախի կացութեան։ Այսպէս, հրապարակուած յօդուածին մէջ նշուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ցեղասպանութիւնը անխուսափելի է՝ հաշուի առնելով ինչ ճակատագիր ունեցած է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Նախիջեւանի մէջ՝ Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ։

Վատիկանն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերուն։ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկուան կիրակնօրեայ պատգամին մէջ Կազզէի իրադարձութիւններուն առընթեր մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ կացութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին առաջին անգամ չէ, որ Սուրբ Աթոռի գահակալը կ՚անդրադառնայ Արցախի իրադրութեան։ «Նուազ չէ իմ մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար։ Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին, ինչ որ արդէն խիստ ծանր է, կ՚ուզեմ յստակ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանին մէջ վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան համար», ըսաւ Սրբազան Պապը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց, որ իշխանութիւններն ու բոլոր բնակիչները պէտք է յարգեն վանքերն ու աղօթատեղիները եւ զանոնք պաշտպանեն՝ որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, ինչ որ կարելի կրնայ դարձնել տարբերութիւններու մէջ միասին ապրիլը։

Արցախի հայաթափման զուգահեռ՝ հետզհետէ կը մօտենայ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսելի ժամադրութեան թուականը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ վերջին օրերուն Երեւանի եւ Պաքուի մէջ շփումներ ունեցաւ, այս կարեւոր բանակցութիւններուն ընդառաջ հանդէս եկաւ կարեւոր գրառումով մը։ Ընկերային ցանցերու վրայ ան կարեւոր համարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաւատարիմ մնան համաձայնեցուած օրակարգին։

Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններուն ընդառաջ Ուաշինկթընի մէջ ալ հետաքրքրական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Ըստ կարգ մը ամերիկեան լրատուամիջոցներու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջերս խումբ մը խորհրդարանականներուն հետ զրուցելու ընթացքին նախազգուշացուց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Ատրպէյճան կրնայ ներխուժել Հայաստան։ Սա, անշուշտ, զգայացունց լուր մըն էր, որ աւելի վերջ պաշտօնապէս հերքուեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլըր յայտնեց, որ այդ տեղեկութիւնները սխալ են ու չեն ցոլացներ այն ինչ, որ Պլինքըն օրէնսդիրներուն ըսած է։ Միլըր աւելցուց, որ ԱՄՆ խստօրէն կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

«ԱՄՆ կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն հետ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ձգտելով արժանապատիւ ու տեւական խաղաղութեան, ուր կը յարգուին բոլորի իրաւունքները։ Ուժի կիրառումը անընդունելի է եւ ուղիղ երկխօսութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի այս երկարատեւ հակամարտութեան կարգաւորման համար», ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց «Արմէնփրէս»ին։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ վերջին օրերուն Գահիրէի մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023