ՊԱՅՏԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ԵՒ ԱՊՊԱՍԻ ՀԵՏ

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծագած հրդեհը կը շարունակէ միջազգային օրակարգի կիզակէտին մնալ՝ մինչ համաշխարհային գետնի վրայ մեծ մտահոգութիւն կը տիրէ Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն եւ հաւանական ընդլայնման հեռանկարներուն բերումով։

Երէկ, Իսրայէլի մէջ նոր կազմուած ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը իր անդրանիկ ժողովը գումարեց՝ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի գլխաւորութեամբ։ Նեթանիյահու, որ շաբաթավերջին այցելեց Կազզէի մէջ կռուող զինուորներուն, յայտարարեց, թէ «Համաս»ը պիտի ոչնչացուի։ Իսրայէլի բանակն ալ շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ պիտի գործէ Մերձաւոր Արեւելքի իւրաքանչիւր կէտին մէջ՝ ըստ երկրի ազգային անվտանգութեան անհրաժեշտութիւններուն։

Միջազգային լրատուամիջոցներու բոլոր թողարկումները ողողուած են արիւնալի դրուագներով, ինչ որ իսկապէս բոլորին խիղճը կը վիրաւորէ եւ տարածաշրջանի հաւանական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ պայմաններ կը ստեղծուին։ Իսրայէլի զինուորները շաբաթավերջին գնդակոծեցին նաեւ Հալէպի միջազգային օդակայանը, որ ամբողջութեամբ անգործածելի դարձած է։

Միջազգային դերակատարներու ջանքերն ալ կը շարունակուին ստեղծուած իրադրութեան յաղթահարման նպատակով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նեթանիյահուի եւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Պայտընի այս ջանքերուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ Միջերկրական ուղարկեց նաեւ իր երկրորդ կործանիչներու ռազմանաւը՝ ի զօրակցութիւն Իսրայէլի։

Եւրոմիութիւնը շաբաթավերջին դատապարտեց «Համաս»ի գործողութիւնները, մինչ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, բանակցութիւններու ընթացքին Ռայիսի ընդգծեց, որ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու դէմ շարունակուող բռնութեան, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ սպանութիւններու, ինչպէս նաեւ Կազզէի շրջափակման լոյսին ներքեւ իրավիճակի բարդացման եւ այլ ճակատներու բացման հաւանականութիւնը գոյութիւն ունի։ Թեհրան միշտ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ հետզհետէ կը սաստկացնէ իր պատգամներուն ոճը։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ Կազզէի հատուածէն ներս ցամաքային գործողութիւններու ձեռնարկէ, ապա իր երկիրը պիտի պատասխանէ։ Իր խօսքով՝ Իրան միջնորդներու միջոցաւ Իսրայէլը զգուշացուցած է ձեռնպահ մնալ Կազզէի հատուածին վրայ հարուածները շարունակելէ։

Միւս կողմէ, Վատիկանէն ալ շաբաթավերջին կոչ մը հնչեց ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Այսպէս, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի մարդասիրական միջանցքի մը բացումը ապահովուի Կազզէի հատուածէն։

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ շաբաթավերջին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին արժեւորեց Կազզէի վերջին իրադարձութիւնները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023