ՍԻՄՈՆԵԱՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԻՄԱ Է»
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի 16 կէտերուն շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Միջխորհրդարանական միութեան 149-րդ վեհաժողովի ընդհանուր քննարկումներուն ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Ալէն Սիմոնեան շեշտեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը համաձայնութեան հասնելու շեմին են խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ։
«Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնութեան հասնելու շեմին են։ Այն համատեսքին մէջ, երբ հաշտութեան գործընթացը լրջօրէն սկսաւ ամիսներ առաջ, Ատրպէյճան կը փափաքէր մեր համաձայնութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած 5 կէտի շուրջ։ Ուրախ եմ տեղեկացնել, որ այսօր մենք լիովին համաձայնութեան եկած ենք 16 կէտի շուրջ։ Կատարեալը այլեւս լաւի թշնամին պէտք չէ ըլլալ։ Եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը։ Խաղաղութեան ժամանակը հիմա է։ Մենք կը հրաւիրենք Ատրպէյճանը դրսեւորել քաղաքական կամք, օգտուիլ պահէն եւ մեզի միանալ՝ հնարաւորը իրականութիւն դարձնելու համար։ Հայաստան պատրաստ է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել նոյնիսկ այսօր», ըսաւ ան։