ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՄՕՏ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին կիսապաշտպան, Միլանոյի «Ինթեր»ի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցած է Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ, որուն նուիրած իր մարզաշապիկը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ «Vatican News»ը։

Այսպէս, «Ողիմպիական» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած է «Կը խաղանք յանուն խաղաղութեան» խորագրեալ հանդիպումը, որուն մասնակցած են բազմաթիւ անուանի խաղացողներ, որոնց շարքին էր նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան։ Մրցաշարքը կը կազմակերպուի արդէն երրորդ անգամ Քահանայապետական «Scholas Occurrentes» հիմնադրամի կողմէ։ Խաղէն առաջ Հռոմի Պապը ընդունած է խաղացողները, մրցոյթի կազմակերպիչներն ու անոնց ընտանիքները։

Խաղին մասնակցած են ֆութպոլի աշխարհի յայտնի անուններ։ «Կը խաղանք յանուն խաղաղութեան» խորագրով մրցոյթը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2014 թուականի սեպտեմբերի 1-ին, երկրորդ անգամ՝ 2016 թուականի հոկտեմբերի 12-ին։

Այս անգամուանը իւրայատուկ յարգանքի տուրք մըն էր հանգուցեալ աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ Տիէկօ Մարատոնայի յիշատակին։ Ան եղած էր «Յանուն խաղաղութեան» մրցոյթի կազմակերպման համակիրներէն ու ջատագովներէն մէկը։

Սրբազան Պապը ընդունած է խաղացողները, որոնց կարգին էր նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան։ Հռոմի Պապը ընդգծած է, որ անոնք «խաղաղութեան փոքր սերմեր են պատերազմի ու կործանման աշխարհի մէջ, ուր ամենամեծ ներդրումները զէնքերու գործարաններուն կը տրամադրուին»։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն, որոնք եկած են տարբեր հեռաւոր վայրերէ, որպէսզի յանուն խաղաղութեան խաղ մը իրականացնեն։ «Ասոնք փոքր քայլեր են, բայց խաղաղութեան սերմեր են, որոնք կրնան փոխել աշխարհը», ըսած է Հռոմի Պապը։

Մինչ այդ, մարզիկները մօտենալով Սրբազան Պապին՝ հնարաւորութիւն ունեցած են անոր հետ շփուելու, նաեւ անոր յանձնած են զանազան նուէրներ։ Իր կարգին, Հայաստանի հաւաքականի նախկին կիսապաշտպանն ալ անոր նուիրած է իր ստորագրութիւնը կրող իր մարզաշապիկը։

Հռոմի Պապին հետ հանդիպման վերաբերեալ Հենրիխ Մխիթարեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը ըրած է. «Մեծ պատիւ էր Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին հետ հանդիպիլն ու աշխարհահռչակ խաղացողներու հետ հանդիպում ունենալը՝ միասին աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու անոր ջանքերուն նպաստելը»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022