ՊԱԼԻԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Էնտոնեզիայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի գագաթաժողովը այս օրերուն կը կեդրոնացնէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։ Նոյն շրջանակին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պալիի մէջ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի շփումներ՝ գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր։ Էրտողանի տեսակցած ղեկավարներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտաւ, որ Էրտողան եւ Մաքրոն շօշափած են նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առկայ վիճակը։
Մինչ այդ, Էրտողան-Մաքրոն տեսակցութեան օրը Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց բանաձեւ մը։ Այս փաստաթուղթով Ֆրանսայի Ծերակոյտը աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանին եւ օրակարգի վրայ բերաւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ գործադրելու առաջարկը։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Էրտողան-Պայտըն հանդիպման զուգահեռ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Պլինքըն կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ մասնաւորապէս վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն շուրջ։ Պլինքըն արտայայտեց ԱՄՆ-ի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աջակցութիւնը Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փաշինեան բարձր գնահատեց Ուաշինկթընի ջանքերը եւ Էնթընի Պլինքընի անձնական ներգրաւուածութիւնը։
Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան շարունակել քննարկումները տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակի բարձրացման ուղղեալ քայլերուն շուրջ՝ ներառեալ մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորումը։