ԿԱԶԶԷԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ՀՐԴԵՀԻ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՌՆԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ նոր պատերազմի մը ծագիլը անհաւանական չէ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ Սուրիոյ մէջ պատերազմի էջը չէ փակուած եւ այդ երկրին «մոխիրներուն» տակ կրակը դեռ կը բոցավառի։ Կազզէի վերաբերեալ վարկածներն ալ կը հաստատեն այս բոլորը։

Այստեղ շատ պարզ եւ տրամաբանական դրոյթ մը կայ. այսօր Սուրիոյ տարածքին երկրի օրինական բանակի կողքին ռազմական ներկայութիւն ունին՝ Իրանը, Ռուսաստանը, Թուրքիան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Սպանիան, Իտալիան եւ այլ երկիրներ։ Անշուշտ, այս բոլորի կողքին կան նաեւ քրդական զինեալ խմբաւորումները եւ իսլամական ուժերը, որոնցմէ առաջինը կը վայելէ ԱՄՆ-ի անմնացորդ նեցուկը, իսկ երկրորդը կը գործէ Թուրքիոյ հովանաւորութեան ներքեւ։ Աւելորդ է յիշեցնել այն բազմաշերտ ու բազում հակառակութիւններն ու տարակարծութիւնները, որոնք առկայ են այդ նոյն խմբաւորումներուն միջեւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր տիրապետութեան տակ առնել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու գաւառակներն ու աւանները։ Խաղը բաւական բարդ է։ Հետեւաբար միամտութիւն է յուսալ, թէ յառաջիկային Սուրիոյ տագնապը կ՚ունենայ արագ եւ վերջնական լուծում մը։

Անշուշտ, այս պատկերին վրայ տեղ ունին այն ուժերը, որոնք ածանցուած են Սուրիոյ մէջ ներկայ տէրութեանց հետ։ Անոնք շատ մը պարագաներու մէջ առկայ տագնապը աւելիով կը հրահրեն եւ այլ խրթին վիճակներ կը ստեղծեն։ Այս բոլորէն պարզապէս կարելի է հետեւցնել, որ այդ ուժերէն եւ մանաւանդ՝ տէրութիւններէն որեւէ մէկը չի պատրաստուիր ձեռքերը քաշել Սուրիայէն կամ, մեղմ խօսքով, իր տիրապետած ածանցներուն ձեռքերը կտրել։ Սա կը նշանակէ, որ քաղաքական լուծումներու կամ նոյնիսկ բանակցութիւններու որեւէ օրակարգ չկայ սեղանին վրայ։ Միջազգային խաղացողները, որոնք մինչեւ վերջերս առաջարկներով հանդէս կու գային, լռած են ներկայիս եւ իրենց դերը տուած՝ ուրիշներուն։

Բաւական խճճուած այս խորապատկերին վրայ ամենէն խոցելին կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ կառավարութիւնը։ Մէկ կողմէ ան կը փորձէ ոտքի հանել՝ արդէն իսկ բաւական յոգնատանջ բանակը, իսկ միւս կողմէ ալ մեծ ճիգեր կը գործադրէ, որպէսզի երկրի տնտեսութիւնը համընդհանուր փլուզման չենթարկուի։ Տնտեսական դժուարութիւններու պարագային թէեւ Դամասկոս կը շարունակէ վստահիլ Արաբական ծոցի երկիրներուն, սակայն, անոնք ալ կարծես այդքան ալ խանդավառ չեն անոր վիճակով։

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ ամիսներ առաջ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի գագաթաժողովին։ Ըստ վերջին տուեալներուն, սակայն, ծոցի երկիրները չեն յարգած Էսատին տրուած խոստումները կամ անոնց միայն չնչին մասը կատարեցին։ Խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ ներկայիս արաբները հիմնական դեր մը չունին։ Անոնք պարզապէս կը համարուին՝ Սուրիոյ պարագային ամերիկեան քաղաքականութեան ոստիկանները կամ շատ աւելի պարզ դիտորդներ։ Յամենայնդէպս, այս առումով իրավիճակը շատ յարափոփոխ է, որովհետեւ Կազզէի պատերազմը նոր հաւասարակշռութիւններու ծնունդ տուած է։ Այսինքն, մէկ խօսքով, Սուրիոյ տագնապի լուծման գործընթացներուն շուրջ՝ այսօրուան դրութեամբ արաբները ո՛չ միայն հիմնական լուծումներ չունին, այլեւ չեն փափաքիր համընդհանուր լուծումներ որոնել։

Այս բոլորի լոյսին տակ չի բացառուիր, որ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի զօրքերը կրնան որեւէ պահ հեռանալ։ Այս հաւանականութիւնը կը վերահաստատուի վերջին ամիսներուն Ռուսաստանի դիմագրաւած բարդութիւններով՝ Ուքրայնայի ճակատին վրայ։ Մետայլի միւս երեսակին, բնականաբար, Ռուսաստան այդպիսի քայլի մը դիմել պիտի չուզէ՝ Կազզէի առկայ հրդեհի մարելէն առաջ։ Ըստ այլ վարկածի մը, Ռուսաստան կրնայ շարունակել մնալ Սուրիոյ մէջ՝ առանց քաղաքական գործընթացներուն ուղղութիւն տալու վճռակամութեան կամ ներուժի։ Ու թերեւս ասոր համար էր նաեւ, որ մինչեւ այս տարեմուտը Ռուսաստանի նախագահ Փութին մեծագոյն ճիգեր գործադրեց, որպէսզի ի վերջոյ ի մի բերէ Թուրքիոյ նախագահ էրտողանն ու Սուրիոյ նախագահ Էսատը՝ զանոնք փոխադարձ ըմբռնումներու նոր փուլի մը առաջնորդելու եւ Թուրքիա-Սուրիա սառած յարաբերութիւններուն մէջ ձիւնահալ մը ապահովելու համար։ Էսատ շատ բարձր պահեց այդ հանդիպման համար իր ակնկալած գինը եւ այսօր արդէն յայտնի դարձած է, որ այդ մօտեցումներով մեծապէս վնասեց։ Անշուշտ, վնասելու մասին այս դիտարկումը վերջնական չէ, սակայն, յստակ է, որ ի հեճուկս մեծ թիւով վերլուծաբաններու՝ Անգարա այսօր շատ աւելի յառաջապահ եւ ամուր հիմքեր ունի արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ։ Ու թերեւս այս է պատճառը, որ Թուրքիա առաջուան նման կամ առաջուան թափով հետաքրքրուած չէ Սուրիոյ հետ ձեռնուելու նիւթով։

Սուրիա վերջերս ցնցուեցաւ, երբ հարուածային անօդաչուներ հարուածեցին Հոմս քաղաքի զինուորական վարժարանը։ Պատերազմական այս կարեւոր իրադարձութիւնը երկրի ամբողջ օրակարգը փոխեց՝ մինչ յարձակման հետեւանքով զոհերուն թիւը գերազանցեց հարիւրի սահմանը։ Գրոհը կազմակերպուած էր «Թուրքիստական իսլամական կազմակերպութեան» կողմէ, որ իր տրոնները ստացած էր Ֆրանսայէն։ Անօդաչուները տուին ճշգրիտ հարուածներ։ Սուրիոյ պետական աղբիւրներու վրէժ լուծելու մասին խօսոյթն ալ հերթական ապացոյցն էր, թէ ցանկացած պահուն Սուրիա կրնայ վերստին բռնկիլ։ Ըստ երեւոյթին, յստակ նպատակ կայ Սուրիան դարձեալ գլտորել նոր արիւնալի ռազմերու մէջ՝ հեռու պահելով այդ վիրաւոր երկիրը քաղաքական լուծումներու ընթացակարգէն, այսինքն կայունութենէն։ Այս հաւանականութիւնը կարելի է ընկալել նաեւ՝ Պաղեստինի առկայ պատերազմի ընդլայնման վարկածի պարունակին մէջ։

Միւս կողմէ, Պեշար Էսատի վրայ եւս մեծ ճնշումներ կը գործադրուին, որպէսզի ան լեզու գտնէ երկրի ընդդիմադիր շարժումներուն հետ կամ ալ զիջումներ ընէ Արեւմուտքին։ Ինչպէս զանազան փուլերու մէջ, այս ժամանակներուն եւս արաբական նախաձեռնութիւնները կը համարուին ձախողած եւ Սուրիոյ համար միակ ապահով լուծումն է ԱՄՆ-ի հետ խօսիլը. բան մը, որուն բացարձակապէս դէմ է երկրի վարչախումբը։

Ըստ այլ վարկածներու, Ռուսաստանի զօրքերը կրնան Սուրիայէն այնպէս մը հեռանալ, որ երկրի յոգնատանջ բանակը առանձինն դէմ յանդիման կրնայ մնալ թրքական զօրքերուն եւ Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ուժերուն հետ։

Յստակ է, անշուշտ, որ Սուրիոյ տագնապի պարագային նոր երկխօսութիւններ կազմակերպելու ընդհանուր տրամադրութիւնը մարած է։ Ռուսաստան զբաղած է Ուքրայնայի պատերազմով։ Իսկ ԱՄՆ, որ քաղաքական լուծումներու հիմնարար կողմ կը համարուի, արդէն ուշադրութիւնը անշեղ կը պահէ Իսրայէլէն եւ նոյնիսկ յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ հաշուարկները այժմէն կը կատարուին այդ իրադարձութիւններու լոյսին տակ։

Այս բոլորի հանրագումարը գետին կը ստեղծէ մտածելու համար, որ երբեք զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ Սուրիոյ մէջ նոր պատերազմ մը ծագի՝ նախորդին բաղդատմամբ աւելի սահմանափակ ու աւելի նպատակային։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

*

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Կազզէի պատերազմին։ Նախագահ Էրտողան ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան հետեւանքով Իսրայէլ պիտի բախուի հիասթափութեան՝ այնպէս, ինչպէս Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ բախուեցաւ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023