ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԵՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ՅԱՋՈՂԵՑԱՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ
Ռումանիոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքով հայազգի երեք երեսփոխաններ յաջողեցան մուտք գործել երկրի խորհրդարանը։ Անոնցմէ առաջինն է Վարուժան Փամպուքճեան, որ վերընտրուած է՝ որպէս Ռումանահայոց միութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու։ Երկրորդն է՝ Ազատականներու եւ ժողովրդավարներու դաշինքի (ALDE) անդամներէն Վարուժան Ոսկանեան, որ նոյնպէս վերընտրուած է։ Այս երկու անունները արդէն Ռումանիոյ օրէնսդիր մարմնէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Այս անգամ երրորդ անուն մըն ալ յաջողած է մուտք գործել Ռումանիոյ խորհրդարանը։ Ան է՝ Լուչիան Էտուարտ Սիմիոն, որ ընկերաժողովրդավարներու ցուցակէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած էր։
Վարուժան Փամպուքճեան Ռումանիոյ խորհրդարանէն ներս երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէ ազգային փոքրամասնութիւններու խումբը։ Ան տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառէն ներս բազմաթիւ օրէնքներու նախագիծեր պատրաստած է։ Իսկ Վարուժան Ոսկանեան Ռումանիոյ խորհրդարանի առաջին անդամներէն մին է, եղած է ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի առաջին ղեկավարը եւ այդ պաշտօնին մէջ աւելի վերջ իրեն յաջորդած է Վարուժան Փամպուքճեան։ Վարուժան Ոսկանեան, որ ծանօթ է նաեւ իր մտաւորական գործունէութեամբ, երկու անգամ Ռումանիոյ կառավարութեան ալ մաս կազմած է։ Երկրի գործադիր իշխանութեան մէջ առաջին անգամ ան 2006-2008 թուականներուն եղած է տնտեսութեան ու ելմտական նախարար։ 2012-2013-ին ալ եղած է տնտեսութեան նախարար։ Թէ՛ Ոսկանեան եւ թէ Փամպուքճեան Ռումանիոյ մէջ միեւնոյն ժամանակ երկրի Հայոց միութեան հիմնադիր ղեկավարներն են։ Վարուժան Ոսկանեան նախագահն է Ռումանահայոց միութեան, իսկ Վարուժան Փամպուքճեան՝ փոխ-նախագահը։
Առաջին անգամ երեսփոխան ընտրուած Լուչիան Էտուարտ Սիմիոն Սեւ ծովու առափնեայ Տուլչայ նահանգի ղեկավարներէն է։ Եղած է նահանգապետ։ Այնուհետեւ վարած է Դանուբի բնական դարաստանի տնօրէնի պաշտօնը։ Ան կը ղեկավարէ նաեւ Ռումանահայոց միութեան տեղական մասնաճիւղը։