Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ Տէր-Պետրոսեանի առանձնատան մէջ։
Ներկայ էին Իրանի դեսպանատան խորհրդականն ու Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեանը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ դեսպան Սոպհանի հանգամանօրէն քննարկեցին Հայաստան-Իրան բարեկամութեան ամրապնդման, տնտեսական ու մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ հաղորդակցութիւններու անխափան գործունէութեան ապահովման ու զարգացման խնդիրները։
Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024