ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԱՂԸ ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Պուտափեշտ պիտի այցելէ՝ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաւէրին ընդառաջ։ Էրտողան եւ Օրպան պիտի գլխաւորեն Թուրքիա-Հունգարիա բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի 6-րդ ժողովը։ Այս բանակցութիւններուն առընթեր, անոնք առանձնազրոյց մըն ալ պիտի ունենան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անգարա-Պուտափեշտ յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին վրայ կը գտնուին։ Վաղուան բանակցութիւնները առիթ պիտի ընձեռեն այդ յարաբերութիւնները արժեւորել բոլոր չափումներով եւ շօշափել երկկողմանի համագործակցութեան ա՛լ աւելի խորացման հեռանկարները։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ պիտի ունենան նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով արդի հարցերու շուրջ։
Նախագահ Էրտողանի այցելութիւնը պիտի բնորոշէ նաեւ Թուրքիա-Հունգարիա մշակութային տարուան սկիզբը։ Կողմերուն միջեւ պիտի ստորագրուին նաեւ շարք մը նոր համաձայնագրեր։
Անգարա-Պուտափեշտ համախոհութեան մասնաւոր դրսեւորումներէն մին է՝ Եւրոմիութեան վերաբերեալ դիրքորոշումը։ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամ չէ, իսկ Հունգարիան՝ լիիրաւ անդամ։ Յամենայնդէպս, միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ կողմերը ունին հասարակաց մօտեցումներ, որոնք հարիւր տոկոսով ներդաշնակութեան մէջ չեն Եւրոմիութեան հետ։