ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄ

Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ ահաբեկչութեան օրակարգով յատուկ նիստ մը տեղի ունեցաւ։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ պատահած եւ թուրք զինեալ ուժերէն 9 նահատակ խլած ցաւալի ու վրդովեցուցիչ դէպքերու լոյսին տակ խորհրդարանը երէկ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց։ Երէկուան յատուկ նիստի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր։ Ֆիտան երեսփոխաններու նկատառման յանձնեց, որ Ռուսաստանը Մեմպիչի մէջ աչք կը փակէ ՓՔՔ-ի գոյութեան, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս կազմակերպութիւնը կը խրախուսէ՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի պատրուակով։ Կիւլէրն ալ պատգամաւորներուն առջեւ ըսաւ. «Եթէ մենք այնտեղ չըլլայինք, ապա կազմակերպութեան մեր սահմաններուն ուղղեալ յարձակումները պիտի շարունակուէին եւ մեր իսկ քաղաքներուն մէջ աւելի մեծ գին պիտի վճարէինք»։ Իր կարգին, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշն ալ շեշտեց, որ Թուրքիա ահաբեկչութիւնը աղբաման պիտի նետէ։

Նախարար Հաքան Ֆիտան երէկուան ժողովին ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը։ «Մեր կառավարութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով արտասովոր քայլեր առնելով՝ պատանդի շապիկը պատռեցին ու նետեցին իրենց վրայէն։ Ազատութիւն-անվտանգութիւն հաւասարակշռութեան մէջ ոսկէ միջինը գտնուած է։ Կազմակերպութիւնը կորսնցուցած է իր զինեալ ներկայութիւնը։ Մեր երկրի բոլոր շրջանները դարձած են անվտանգ։ Սպառնալիքները կ՚ոչնչացնենք իրենց ծագած կէտին մէջ։ Ամբողջ ենթակառուցուածքը մի առ մի կ՚ոչնչացնենք, ղեկավար կազմն ալ կը զտենք», նշեց Հաքան Ֆիտան։ Բաց աստի, նախարարը աւելցուց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքներէն ներս Թուրքիոյ գործողութիւնները կը հիմնուին ՄԱԿ-ի համաձայնութեան 51-րդ կէտէն բխած օրինական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին հիման վրայ։ Ան աւելցուց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղեալ դիւանագիտութիւնն ալ Անգարայի կողմէ վճռակամութեամբ յառաջ կը տարուի։ «Մենք գիտենք, թէ ահաբեկչութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ ունի քաղաքական շառաւիղներ՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպայի։ Կազմակերպութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ալ տկարութենէն օգտուելով ազդեցութեան գետին շահած է», աւելցուց Հաքան Ֆիտան։

Ի լրումն այս բոլորին, Ֆիտան շեշտեց, որ Թուրքիա վճռած է ՓՔՔ-ի դէմ մինչեւ վերջ պայքարիլ Սուրիոյ մէջ։ «Երբեք պիտի չարտօնենք, որ Սուրիոյ հիւսիսին ահաբեկչական պետութիւն մը ստեղծուի։ Մեր նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ ահաբեկիչներու կողմէ ստեղծուած կառոյցներու քարոզչութեան դէմ։ ՓՔՔ ելմտական առումով Եւրոպայի հետ փոխադարձ ազդեցութեան մէջ է ու մենք ամէն ջանք յառաջ կը տանինք անոր ելմտական միջոցները կասեցնելու համար իրենց ակունքէն», եզրափակեց Ֆիտան։

Եաշար Կիւլէրն ալ խորհրդարանի մէջ մատնանշեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով ծանր հարուածներ տրուած են կազմակերպութիւններուն։ Անոնց շարժունակութիւնը զերոյական կէտի բերուած է։ «Մեր զինեալ ուժերը սպառնալիքները կ՚ոչնչացնեն՝ նախքան անոնց մեր սահմաններուն հասնիլը», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ ոգի ի բռին տրուած այդ պայքարի պայմաններուն ներքեւ կը ստեղծուին նաեւ ապատեղեկատուութիւններ։ «Մենք ականատես կը դառնանք նաեւ ռազմավարական հեռատեսութենէ զուրկ, անգիտակից խօսոյթներու։ Այսպիսի նուրբ հարցի մը շուրջ անընդունելի է, որ միասնականութեան մէջ ըլլալու փոխարէն՝ քաղաքական շահարկումներ կատարուին։ 2015 թուականէն ի վեր երկրի զանազան շրջաններէն ներս ՓՔՔ-ի, ԵՓԿ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի կողմէ յարձակումներ կատարուեցան, բազմաթիւ նահատակներ տուինք», յիշեցուց նախարարը եւ աւելցուց, որ 2019 թուականէն ի վեր ահաբեկչութիւնը ակունքին մէջ ոչնչացնելու ռազմավարութիւնը գործադրութեան դրուած է եւ սկսած են արձանագրուիլ կարեւոր յաջողութիւններ։

Եաշար Կիւլէր մատնանշեց նաեւ, որ Թուրքիոյ Իրաքի մէջ ներկայութեան շնորհիւ ամբողջ երկրէն ներս անվտանգութեան ու անդորրութեան միջավայրը հաստատուած է։ Ահաբեկիչները որքան որ կը մաքրագործուին, ներդրումներն ալ այնքան թափ կը հաւաքեն։ «Եթէ Կապարի մէջ նաւթ կ՚արտահանուի, եթէ Հաքքեարին ահաբեկիչներ կը հիւրընկալէ, ապա այս բոլորը ահաբեկչութիւնը ակունքին մէջ ոչնչացնելու ռազմավարութեան շնորհիւ կ՚ըլլան», ըսաւ ան։ Ներկայիս Թուրքիա արդէն հասած է մինչեւ Զափ, իսկ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը վերջին դիմադրութիւնը ցոյց կու տայ։

Հուսկ, Եաշար Կիւլէր ընդգծեց, որ Իրաքի իշխանութիւններուն հետ ալ Թուրքիոյ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին։ Այդ երկրի ղեկավարութեան ՓՔՔ-ի վերաբերեալ հասկացութեան փոփոխութիւններու լոյսին տակ թրքական կողմի աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

Նախարարներու այս ելոյթներու լոյսին տակ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ, պատգամաւորները գնահատեցին առկայ իրավիճակը։ Իրազեկման նիստի աւարտին խորհրդարանը ընդունեց հակաահաբեկչական հրամանագիր մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ թուրք ազգը երբեք ահաբեկչութեան դիմաց գլուխ պիտի չծռէ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ի վիճակի է ահաբեկչութեան եւ իրեն ուղղեալ անվտանգային սպառնալիքներու դէմ պայքարելու երկրէն ներս ու երկրէն դուրս։ Ի լուր աշխարհի այս հանգամանքը ընդգծելու առընթեր, որոշումին մէջ շեշտուած է, որ խորհրդարանը անմիջականօրէն պիտի հետեւի այս գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024