ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն Տաւոսի մէջ կը մասնակցի՝ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Նախագահ Խաչատուրեան երէկ Տաւոսի մէջ տեսակցեցաւ Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորին հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային իրավիճակին, երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացման հեռանկարներուն։ Ֆիլիփ թագաւորը վերյիշեց իր ջերմ տպաւորութիւնները Հայաստան կատարած մասնաւոր այցելութենէն։ Ան նաեւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պելժիոյ հայ համայնքի դերակատարութեան մասին։ Կողմերը կանգ առին նաեւ վերջին տարիներուն Հայաստանէ ներս կեանքի կոչուած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վրայ։ Զրոյցի աւարտին Վահագն Խաչատուրեան Ֆիլիփ թագաւորը վերստին Հայաստան հրաւիրեց։

Հարկ է յիշեցնել, որ Տաւոսի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նաեւ Ուքրայնայի վերաբերեալ յատուկ քննարկում մը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024