ՔԱՐՏԷՍՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՐՑԵՐԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել կարելի չ՚ըլլար Ատրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման հետեւանքով։ Ան համոզուած է, թէ այդ պայմանագիրը պէտք է կնքուի քարտէսներու հիման վրայ եւ առանց քարտէսներու՝ որեւէ լուծում խնդրայարոյց կ՚ըլլայ։ Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան կը մերժէ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած քարտէսները՝ երեսփոխանը ըսաւ. «Թող Ատրպէյճան առաջարկէ այլ քարտէս մը, որ կ՚ունենայ իրաւական հիմնաւորում։ Յստակ է, որ առանց քարտէսներու որեւէ լուծում իրաւական առումով խնդիր պիտի ունենայ՝ ապագային նոր քաղաքական լարուածութիւններու պատճառ դառնալով։ Արդար կ՚ըլլայ, որ վերցնենք այն քարտէսը, որու հիման վրայ կը կնքուի խաղաղութեան պայմանագիրը։ Յետոյ կողմերու սահմանազատման յանձնաժողովները կը սկսին ճշգրտել։ Եթէ խաղաղութեան պայմանագրի հիմքին դրուի քարտէսը, ապա հարցը ապագային թեքնիք կ՚ըլլայ»։
Պապոյեան կրկնեց նաեւ՝ Երեւանի կողմէ վերջերս յաճախ բարձրաձայնուած դիտարկումը, թէ 9 նոյեմբեր 2020 թուակիր եռակողմանի համաձայնութիւնը գործնականօրէն գոյութիւն ունենալէ դադրած է՝ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ պարտաւորութիւններու դրժման հետեւանքով։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցին շուրջ։ «Երբեւէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ լսա՞ծ էք յայտարարութիւն մը՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին» վերաբերեալ, որ միջանցքային տրամաբանութեան մէջ ըլլայ։ Մենք այժմ կը յայտարարենք՝ երեքուկէս տարի առաջ այդ առումով մեր յայտարարածին նոյնը։ Հայաստանի իրաւազօրութեան ներքեւ պատրաստ ենք ճանապարհ տրամադրել, ընդ որում ո՛չ միայն ճանապարհ, ինթերնեթի, կազի ուղիներ եւ այլն։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը այս իսկ մասին է։ Բեռները անարգել կարգով պէտք է Եւրոպայէն գան Ասիա Հայաստանի տարածքով եւ հակառակը։ Ատրպէյճանի պարագային եւս ճանապարհները պիտի գործեն նոյն տրամաբանութեամբ։ Այն պայմաններով, որով Իրան ճանապարհ կը տրամադրէ Ատրպէյճանին, մենք ալ կրնանք ճանապարհ տրամադրել Ատրպէյճանին», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, երեսփոխանը ընդգծեց, որ եռակողմանի համաձայնութեան մէջ որեւէ կէտով չէ նախատեսուած, որպէսզի ռուսերը Սիւնիքի մէջ ինչ-որ բան վերահսկեն։ «Սա ցանկութիւններու, երազանքներու շարքեր են», ըսաւ Պապոյեան եւ յիշեցուց, որ եռակողմանի համաձայնութեամբ Մոսկուա եւ Պաքու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններէն որեւէ մէկը չեն կատարած։ «Խօսք կայ ճանապարհներու ապաշրջափակման, սահմաններու բացման մասին, ինչ որ մեծ հաշուով Երեւանի օրակարգն է», եզրակացուց Գէորգ Պապոյեան։