ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանը։ Սա անոնց առաջին այցելութիւնն էր Գումգաբու՝ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնի ձեռնարկելէ վերջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց դիւանագէտները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց առաքելութեան մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց, որ թրքահայ համայնքը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ քաղաքիս մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մը գոյութեան եւ այդ մէկը դրական գործօն մը կը համարէ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական, բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման ճանապարհին։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան ձգողականութիւնը վերջին տարիներուն բարձրացած է բոլոր ուղղութիւններով եւ մաղթեց, որ Նաիրի Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանին ալ ձեռքբերումները շարունակուին։
Իր կարգին, Նաիրի Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան եւ խրախուսական արտայայտութիւններուն համար։ Ան նշեց, որ ներկայացուցչութեան բուն առաքելութեան զուգահեռ՝ իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ նաեւ համայնքային շրջանակներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Նաիրի Պետրոսեան Նորին Ամենապատուութեան հետ բաժնեց նաեւ իր մտահորիզոնը ՍԾՏՀԿ-ի վերաբերեալ՝ մանաւանդ, որ ներկայ տարուան երկրորդ կէսին Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի դառնայ կազմակերպութեան շրջանային նախագահը։ Նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնները փոխանցեց Նաիրի Պետրոսեանին եւ Անահիտ Չալիքեանին՝ հայցելով, որ Տէրը առաջնորդէ անոնց գործունէութիւնը։ Ան ի յիշատակ այս անդրանիկ այցելութեան նորանշանակ դիւանագէտներուն համար մակագրեց իր հեղինակած «Երկու ուխտաւոր» պատմավէպէն օրինակներ։ Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Հարկ է նշել, որ Նաիրի Պետրոսեան Իսթանպուլ ժամանելէ վերջ այցելած է նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի միջազգային քարտուղարութիւնը, ուր ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքուին յանձնած է իր հաւատարմագիրը։