Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ անոնք Գերմանիոյ մէջ կը գտնուին՝ մասնակցելու համար Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Միջազգային նման հաւաքներու շրջանակներէն ներս արդէն շատ սովորական երեւոյթ է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն երկկողմանի հանդիպումը։
Հարկ է նշել, որ Ալիեւ Միւնիխի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոքի հետ։
Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024