Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՔԵՐՈԲԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները տնտեսութեան հրաժարեալ նախարար Վահան Քերոբեանի համար տնային կալանք սահմանեցին։ Հակափտածութեան ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը երկու ամսուան ժամկէտ մը կը նախատեսէ։ Հրաժարեալ Վահան Քերոբեան կը հարցաքննուի՝ պաշտօնավարման շրջանին նախարարութենէն ներս խնդրոյ առարկայ դարձած զեղծումի եւ պաշտօնական դիրքի չարաշահման փորձերու համար։
Վահան Քերոբեան լրագրողներուն յայտնեց, որ իր փաստաբանները կը բողոքարկեն դատավճռին դէմ։ Ան չ՚ընդունիր իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքը։
Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024