ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սաուտիի կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած էին անցեալ տարուան նոյեմբերին եւ այդ փուլէն ի վեր առաջին անգամ Երեւանէն բարձրաստիճան այցելութիւն մը կը տրուի Ռիատ։

Նախարար Միրզոյեան Ռիատի մէջ երկօրեայ շփումներուն ընթացքին իր պաշտօնակցին առընթեր կը տեսակցի նաեւ այլ դէմքերու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024