ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԿԱՊԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած կա­րե­ւոր ժա­մադ­րու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, որ ե­կաւ նոր սկիզբ մը բնո­րո­շել երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Մինչ Էր­տո­ղան եր­կու յստակ պատ­գամ փո­խան­ցեց Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, Թրամփն ալ թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կեց ան­պար­տե­լի։

Րէճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղան, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ ի­ջե­ւա­նե­ցաւ «Պլէյր հաուզ»ի մէջ, Սպի­տակ տուն ժա­մա­նե­լով՝ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Տան­լըտ Թրամփ զին­քը ող­ջու­նեց Սպի­տակ տան մուտ­քին։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ձեռ­նուե­ցան, իսկ ա­ւե­լի վերջ Էր­տո­ղան ստո­րագ­րեց Սպի­տակ տան պա­տուոյ տո­մա­րը։ Ա­ւե­լի քան 20 վայր­կեան եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ո­րու ա­ւար­տին հան­դէս ե­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Տա­նըլտ Թրամփ այս առ­թիւ յոյս յայտ­նեց, թէ ա­պա­գա­յին կող­մե­րը պի­տի ար­ձա­նագ­րեն հա­մա­տեղ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Ան թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կեց ան­պար­տե­լի։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սու­րիոյ տագ­նա­պին՝ Տա­նըլտ Թրամփ բարձր գնա­հա­տեց Թուր­քիոյ կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դուած այն ջան­քե­րը, ո­րոնց նպա­տակն է կա­սեց­նել սար­սա­փե­լի սպանդ­նե­րը։ «Թուր­քիոյ հետ ու­նինք ա­մուր ու յա­ջող յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու կը մտա­ծեմ, թէ ա­ւե­լի լաւ մա­կար­դա­կի մը պի­տի բարձ­րաց­նենք զա­նոնք», ը­սաւ Տա­նըլտ Թրամփ եւ ա­ւել­ցուց, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը կը զօ­րակ­ցի Թուր­քիոյ՝ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղու­թեամբ։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Էր­տո­ղան ըստ էու­թեան կանգ ա­ռաւ ԵՓԿ-ՓԵՏ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն վրայ։ Իր խօս­քե­րով, ԵՓԿ-ՓԵՏ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, որ երկ­րին կող­մէ ալ իբ­րեւ երկ­խօս ըն­դու­նուի՝ ա­պա սա խո­տոր կը հա­մե­մա­տի այս նիւ­թին վրայ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան։ «Պէտք չէ թոյլ տանք նաեւ ա­նոնց, ո­րոնք ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պատ­րուա­կե­լով կը ջա­նան տա­րած­քաշր­ջա­նի ազ­գա­յին կամ դա­ւա­նան­քի կա­ռու­ցուած­քը փո­փո­խու­թեան են­թար­կել», ընդգ­ծեց Էր­տո­ղան։

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կանգ ա­ռաւ նաեւ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի Թուր­քիոյ ար­տա­յանձն­ման խնդրին վրայ։ «Պա­րոն նա­խա­գա­հին նկա­տառ­ման բա­ցա­յայ­տօ­րէն պի­տի յանձ­նեմ մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը՝ 15 Յու­լի­սի պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ՖԵ­ԹԷՕ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան շուրջ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Սպի­տակ տան մէջ Թրամփ ճա­շա­սե­ղան մըն ալ սար­քեց ի պա­տիւ Էր­տո­ղա­նին։ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ կը գտնուէին Թրամ­փի կող­քին։ Մէ­կու­կէս ժամ տե­ւեց այս ճաշ­կե­րոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղա­նի կող­քին էին Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, ՄԻԹ-ի խորհր­դա­կան Հա­քան Ֆի­տան, Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք, Ար­դա­րա­դա­տու­թան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ, Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Նի­հատ Զէյ­պէք­ճի,  Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք եւ իր բան­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն։ Հարկ է նշել, որ այս պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մէն Հու­լու­սի Ա­քար, Հա­քան Ֆի­տան եւ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դար­ձեալ Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լած էին՝ Էր­տո­ղա­նի շփում­նե­րը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու նպա­տա­կով։

Էր­տո­ղան-Թրամփ ե­րէ­կուան հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի լրագ­րող մը հարց տուաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի նա­խոր­դած Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թեան շուրջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վա­րը այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ ռուս նա­խա­րա­րին հետ ի­րենց տե­սակ­ցու­թիւ­նը ան­ցած է շատ յա­ջող, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի կի­զա­կէ­տով։ Այս ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր էր այն ա­ռու­մով, որ թուրք-ա­մե­րի­կեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան հար­ցե­րէն մին Սու­րիոյ տագ­նապն էր։ Թէ՛ Թուր­քիա եւ թէ ԱՄՆ այս հար­ցին շուրջ ան­մի­ջա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ են նաեւ Մոս­կուա­յի հետ։ Ուս­տի, Էր­տո­ղա­նէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ Լաւ­րո­վի Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լած ըլ­լա­լը ա­նան­տե­սե­լի հան­գա­մանք մըն է։ Էր­տո­ղան-Թրամփ ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թիւնն ալ ակն­յայ­տօ­րէն լայն ար­ձա­գանգ պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ամ­սա­վեր­ջին Պրիւք­սե­լի մէջ միաս­նա­բար մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն ՆԱ­ԹՕ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րու դի­տար­կում­նե­րով, Ո­ւա­շին­կ­թը­նի ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, թէ ԵՓԿ-ի խնդրին շուրջ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րուած չեն եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Ուս­տի, այս հիմ­նա­կան նիւ­թե­րուն վե­րա­բե­րեալ զար­գա­ցում­նե­րը պի­տի բիւ­րե­ղա­նան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017