ՓԱՐԻԶԷՆ ՊԱՔՈՒԻՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Ֆրանսայի անդրծովեան տարածքներէն՝ Խաղաղականի Նոր Գալետոնիոյ մէջ ծագած են խռովութիւններ։ Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Ֆրանսայի այս գաղութին մէջ անկախութեան հետամուտները կը բողոքեն՝ մերժելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ընդգրկուելու համար՝ տասն տարի բնակութիւնը բաւ համարելու նախաձեռնութիւնը։

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերար Տարմանէն երէկ Նոր Գալետոնիոյ դէպքերուն համար մեղադրեց Ատրպէյճանը։ Ան պնդեց, որ Պաքու անջատողականները կը հրահրէ։ Ատրպէյճան, որ Նոր Գալետոնիոյ հետ մօտաւոր անցեալին համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրած էր, մերժեց այդ պնդումները։

Չինաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բուռն ազդեցութեան պայքար կը մղեն Խաղաղականէն ներս, ուր Ֆրանսա չ՚ուզեր կորսնցնել ներկայութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական բարձր նշանակութեամբ Նոր Գալետոնիոյ մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024