ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՈՒ ՑՆՑԻՉ ԿՈՐՈՒՍՏ

2015 խորհր­դան­շա­կան թուա­կա­նի ո­գե­կո­չում­նե­րու յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը կրեց ան­փո­խա­րի­նե­լի ու անմ­խի­թար կո­րուստ մը։ Ոչ եւս է աշ­խար­հահռ­չակ գոր­ծա­րար, ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին հե­րոս Գըրգ Գրգո­րեան (Գրի­գոր Ա­հա­րո­նի Գրի­գո­րեան)։ 98 տա­րե­կան հա­սար­կին ան մա­հա­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան՝ Պե­ւըր­լի Հիլ­զի բնա­կա­րա­նին մէջ, յետ կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թեան։ Մա­հուան գոյ­ժը հաս­տա­տուե­ցաւ իր «Թրա­սին­տա Քոր­փո­րէյ­շըն»ի նա­խա­գահ ու գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Էն­թը­նի Ման­տե­քի­քի կող­մէ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ծնած տա­ղան­դա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն մին էր Գըրգ Գրգո­րեան, որ իս­կա­պէս ե­զա­կի ան­հա­տա­կա­նու­թիւն մըն էր եւ կեան­քի մէջ հա­սած անկրկ­նե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու։ 6 Յու­նիս 1917 թուա­կա­նին ծնած էր Ֆրեզ­նո­յի մէջ։ Զբա­ղած էր պան­դոկ­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեամբ, շար­ժան­կա­րի եւ ինք­նա­շարժ­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ։ Համ­բաւ ձեռք բե­րած էր նաեւ որ­պէս խա­ղա­րան­նե­րու ար­քայ։

Գոր­ծա­րար աշ­խար­հէ ներս ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով հռչակ ձեռք բե­րած Գըրգ Գրգո­րեան հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան ա­մե­նադ­ժուա­րին ու ող­բեր­գա­կան պա­հե­րէն մէ­կուն ար­դա­րա­ցու­ցած էր իր ա­մատ­նե­րուն նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։ Սպի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն վերջ, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի շրջա­փակ­ման ու տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի տա­րի­նե­րուն ա­ւե­լի քան 20 մի­լիոն տո­լար նուի­րա­բե­րած էր «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին նա­խա­ձեռ­նած զա­նա­զան ծրագ­րե­րուն։ 1996 թուա­կա­նին կրկնա­պատ­կած էր Լոս Ան­ճե­լը­սի հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նի ար­դիւն­քին կա­տա­րուած հան­գա­նա­կու­թիւ­նը՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 4 մի­լիոն տո­լար յատ­կաց­նե­լով Գո­րիս-Ստե­փա­նա­կերտ մայ­րու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան։ 2001 թուա­կա­նէն սկսեալ իր հաս­տա­տած «Լինս» հիմ­նադ­րա­մը 200 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ծրագ­րեր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր Հա­յաս­տա­նի մէջ ցա­մա­քու­ղի­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նո­րոգ­ման, ա­ղէ­տի գօ­տիի վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին հե­րոս Գըրգ Գրգո­րեան ար­ժա­նա­ցած էր նաեւ «Հայ­րե­նիք» շքան­շա­նին։

Որ­քան որ ալ պա­տա­հած ըլ­լայ բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի մը մէջ, Գըրգ Գրգո­րեա­նի մա­հը իս­կա­պէս ցնցած է հա­մայն հա­յու­թիւ­նը։ Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ, «Գա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ ու խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յայտ­նի պի­տի դառ­նան կտա­կի բա­ցա­յայ­տու­մէն վերջ։ Յա­րութ Սա­սու­նեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած է Գըրգ Գրգո­րեա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րէն մին, բարձր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լով «Լինս» հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ ան ը­սաւ, թէ տա­կա­ւին ո­չինչ յայտ­նուած է յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան մա­սին եւ հա­ւա­նա­կան է, որ ըլ­լայ փակ ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ «Յա­ջորդ օ­րե­րուն պի­տի ծրագ­րուին ու պի­տի յայ­տա­րա­րուին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։ Այս պա­հուն չեմ գի­տեր, թէ կտա­կին մէջ ինչ գրուած է։ Բայց զին­քը ճանչ­նա­լով՝ կրնամ ը­սել՝ մարդ մըն էր, որ հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ, ժո­ղո­վուր­դի առ­ջեւ ե­րե­ւիլ չէր սի­րեր, միշտ ա­ռան­ձին կ՚ը­նէր ա­մէն ինչ։ Հա­ւա­նա­կան է՝ ան փա­փա­քած ըլ­լայ՝ ա­ռան­ձին փակ յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն մը։ Իր նկա­րագ­րէն դա­տե­լով՝ այդ­պէս կը մտա­ծեմ։ Հա­ւա­նա­կան է՝ ներ­քին կար­գով թա­ղում մը ըլ­լայ, ոչ ժո­ղովր­դա­յին։ Սա իմ են­թադ­րու­թիւնն է», ը­սաւ Սա­սու­նեան։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յոյս յայտ­նեց, թէ Գըրգ Գրգո­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ նկա­րա­հա­նուող հա­յոց Մեծ ե­ղեռ­նի վե­րա­բե­րեալ ժա­պա­ւէ­նը կը հաս­ցուի իր ա­ւար­տին։ «Իր հարս­տու­թիւ­նը մօ­տա­ւո­րա­պէս 5 մի­լիառ տո­լար է։ Բայց տա­կա­ւին պարզ չէ, թէ սա ի՛նչ նպա­տա­կի պի­տի յատ­կա­ցուի։ Գի­տեմ, որ ժա­պա­ւէն մը կայ եւ ա­նոր ար­տադ­րու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է։ Ան հա­ւա­նա­բար շա­րու­նա­կուի եւ այս նպա­տա­կին հա­մար հա­ւա­նա­բար գու­մար թո­ղած է», ը­սաւ Սա­սու­նեան։

Գըրգ Գրգո­րեա­նի մա­հը ստեղ­ծեց շատ լայն ար­ձա­գանգ եւ յա­ռա­ջա­ցուց խոր յու­զում։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին ժո­ղո­վը այս ա­ռա­ւօտ վայր­կեան մը լռու­թեամբ յար­գեց ազ­գա­յին հե­րո­սին յի­շա­տա­կը։ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան ժո­ղո­վի սկիզ­բին ընդգ­ծեց, թէ անգ­նա­հա­տե­լի է Գրգո­րեա­նի ա­ւան­դը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։ «Կո­րուս­տը մեծ է բո­լո­րիս հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­նու­նով ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նեմ մեծ բա­րե­րա­րի հա­րա­զատ­նե­րուն եւ աշ­խար­հի հա­յե­րուն», ը­սաւ Սա­հա­կեան։

Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մարն ալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Գըրգ Գրգո­րեա­նի մա­հ-ւան առ­թիւ։ Հա­մա­գու­մա­րի հրա­պա­րա­կած վշտակ­ցու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, թէ Գրգո­րեան ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի օ­րի­նա­կե­լի ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն մին էր։

Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Հրայր Յով­նա­նեան շեշ­տեց, թէ խոր դառ­նու­թիւն կ՚ապ­րի Գրգո­րեա­նի մա­հուան բե­րու­մով։ Ան Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կամն էր, Հա­մա­գու­մա­րի բա­րե­կա­մը եւ ո­րե­ւէ վայ­րի մէջ գտնուող հա­յու բա­րե­կա­մը։ Ես մեծ պա­տիւ ու­նե­ցած եմ Գրգո­րեա­նը հիւ­րըն­կա­լե­լու Հա­յաս­տան կա­տա­րած պատ­մա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան ժա­մա­նակ։ Ան մեծ գործ կա­տա­րած է մեր հայ­րե­նի­քին մէջ իր հսկա­յա­կան ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեամբ», նշած է Հրայր Յով­նա­նեան՝ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով հայ­կա­կան տնտե­սու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ մե­ծա­նուն բա­րե­րա­րի անգ­նա­հա­տե­լի դե­րին վրայ։ «Ան հպարտ էր իր ժա­ռան­գու­թեամբ, իսկ ես հպարտ եմ զին­քը այս­քան տա­րի­ներ ճանչ­ցած ըլ­լա­լու հա­մար», նշեց Յով­նա­նեան։

Հա­մա­գու­մա­րի գոր­ծա­դիր տօն­րէն Պրա­յան Ար­տու­նիի խօս­քե­րով, Գըրգ Գրգո­րեա­նի բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը չէր սահ­մա­նա­փա­կուեր միայն մէկ ծրագ­րով ու ոչ ալ նոյ­նիսկ մէկ երկ­րով։ Ան իս­կա­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր եւ իր կեան­քի ու­ղին ո­գեշն­չած էր հա­յոց բազ­մա­թիւ սե­րունդ­նե­րը։ «Հայ­կա­կան սփիւռ­քը երկ­րա­գուն­դի բո­լոր ան­կիւն­նե­րուն օգ­տուած է Գըրգ Գրգո­րեա­նի ա­ջակ­ցու­թե­նէն եւ աս­յօր մենք բո­լորս կը սգանք այս մեծ մար­դուն կո­րուս­տը», ը­սաւ Ար­տու­նի։

Իր կար­գին, Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ Համ­բա­րեանն ալ ը­սաւ. «Հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու վե­րա­կանգ­նում, ճա­նա­պարհ­նե­րու, մշա­կու­թա­յին օ­ճախ­նե­րու կա­ռու­ցում, ա­ջակ­ցու­թիւն կրթա­կան ծրագ­րե­րու զար­գաց­ման, այս բո­լորն իսկ է Գըրգ Գրգո­րեա­նի իս­կա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ո­րով ի­րա­ւունք ու­նինք հպար­տա­նա­լու մենք բո­լորս», ը­սաւ Համ­բա­րեան։

Գըրգ Գրգո­րեան ան­պա­կաս էր «Ֆորպս»ի կող­մէ հրա­պա­րա­կուած աշ­խար­հի մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու ցու­ցակ­նե­րէն։ Մի­ջազ­գա­յին մա­մուլն ալ լայ­նօ­րէն ար­ձա­գան­գած է իր մա­հուան։ Իբ­րեւ Լաս Վե­կա­սի հայ­րը համ­բաւ ձեռք բե­րած Գըրգ Գրգո­րեան կը դա­սուէր աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան այ­րե­րու շար­քին։ Իր կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի շատ զար­մա­նա­լի եւ ու­շագ­րաւ։ Ան ե­րեք ան­գամ՝ տար­բեր տա­րի­նե­րու մէջ կա­ռու­ցած էր աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ պան­դոկ-խա­ղա­տու­նը։ Ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նին դպրո­ցէն դուրս ե­կած Գրգո­րեան գնած ու վա­ճա­ռած էր շարք մը ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կ՚ար­տադ­րէին ինք­նա­շարժ­ներ եւ շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէն­ներ։ Գնած ու վա­ճա­ռած էր ա­ւիաու­ղի­ներ։ Ան ամ­սա­կան 100 հա­զար տո­լար կը վճա­րէր ե­րա­խա­յին հա­մար՝ մէկ ա­միս տե­ւած ա­մուս­նու­թե­նէ յե­տոյ։ Չորս ան­գամ ա­ւե­լի հա­րուստ ե­ղած էր, քան իր կեան­քի վեր­ջին օ­րե­րը։

Գըրգ Գրգո­րեա­նի սե­րած ըն­տա­նի­քը 1880 թուա­կա­նին Խար­բեր­դէն գաղ­թած էր Ֆրեզ­նօ։ Գրգո­րեա­նի ըն­տա­նի­քին շա­ռա­ւի­ղը՝ Գըրգ Գրգո­րեան զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րու հար­շուարկ­նե­րով 1.1 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար նուի­րա­բե­րած էր Հա­յաս­տա­նին։

Իր մամ­լոյ քար­տու­ղա­րը՝ Թոմ Ճոն­սը­նի կող­մէ Գրգո­րեա­նի մա­հուան մա­սին տուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը եւս լայն ար­ձա­գանգ գտած են ա­մե­րի­կեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Հարկ է նշել, որ Գըրգ Գրգո­րեան լուրջ ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րած էր նաեւ Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նի շէն­քի վեր­ջին հիմ­նա­կան նո­րո­գու­թեան ծրագ­րին ի նպաստ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Գըրգ Գրգո­րեա­նի մա­հուան առ­թիւ հրա­պա­րա­կեց ցա­ւակ­ցա­կան մը, ո­րու մէջ ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.-

Խոր ցաւ ապ­րե­ցայ՝ լսե­լով հայ մեծ բա­րե­րար, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին հե­րոս Գըրգ Գրգո­րեա­նի մա­հուան լու­րը։

Հա­մո­զուած եմ՝ այս ցա­ւը բո­լո­րը կը բաժ­նեն Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Սփիւռ­քի մէջ։ Որ­պէս ձեռ­նե­րէց եւ գոր­ծա­րար՝ ան ար­դէն կեան­քի օ­րօք դար­ձած էր ա­ռաս­պել եւ կը վա­յե­լէր մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն, դար­ձած էր վե­րապ­րող հա­յու, աշ­խա­տա­սէր, ի­մաս­տուն, բա­րի ու հա­մեստ մար­դու օ­րի­նակ։

Իսկ ստեղ­ծած «Լինս» հիմ­նադ­րա­մը Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին սա­տա­րեց ծանր պա­հու մէջ՝ օգ­նե­լով դժուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ դուրս գա­լու հա­մար զար­գաց­ման ու­ղի։ Հիմ­նադրա­մի ի­րա­կան­ցու­ցած ծրագ­րե­րը հզօր շունչ հա­ղոր­դե­ցին Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան՝ լրջօ­րէն փո­խե­լով մեր երկ­րի նկա­րա­գի­րը։

Հա­մո­զուած եմ, որ մեծ հա­յոր­դիի, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին հե­րո­սի լու­սա­ւոր յի­շա­տա­կը պի­տի մնայ միշտ վառ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը զին­քը պի­տի յի­շէ հպար­տու­թեան ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով։

Կը ցա­ւակ­ցիմ բո­լո­րիս այս մեծ կո­րուս­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։  

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015