ԴԷՊԻ ՎԻԼՆԻՈՒՍ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ ՆԱԹՕ-ի ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ նորանշանակ նախարարին եւ Փենթակոնի ղեկավարին տեսակցութիւնը։ Յաջորդ ամիս Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ դաշինքի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները մէկտեղուեցան վերջին անգամ։ Լոյտ Օսթին Եաշար Կիւլէրը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան տարածաշրջանային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցեր։
Դաշինքի անդամ երկիրները այս շրջանին կը հաշուարկեն, որ Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի հաւանական նոր յարձակման պարագային ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ ուժերով պիտի փոխադարձեն։ Նախարարները խոշորացոյցի տակ առին համապատասխան մանրամասնութիւնները։ Օտարերկրեայ դիւանագիտական աղբիւրներ տեղեկացուցին, որ այս փուլին Թուրքիա կարգ մը վերապահութիւններ ունեցած է աշխարհագրական նշումներու կապակցութեամբ, ուստի ծրագիրը վերջնական հաւանութեան չէ արժանացած։ Ըստ իրաւասուներուն, թրքական կողմի առարկութիւնը կը վերաբերի միայն մէկ տարածաշրջանային նախագծի եւ այդ մէկը զինուորական բնոյթ չի կրեր։ Այս հարցին շուրջ արժեւորումները կը շարունակուին բնականոն խորհրդակցութիւններու ձեւաչափին մէջ։ Հաւանական է, որ խնդիրը յաղթահարուի մինչեւ Վիլնիուսի գագաթաժողովը։
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ նոր ծրագիրը աչքէ անցուած է նախարարներու կողմէ։ Իր խօսքով՝ այս պահուն բոլոր հարցերու շուրջ համաձայնութիւնը շատ մօտ է, սակայն վերջնական որոշումները գագաթաժողովի ընթացքին պիտի տրուին։ Վերջին օրերուն ընդհանուր քարտուղարը այցելած էր Ուաշինկթըն, ուր ամերիկեան ղեկավարութեան հետ արժեւորումներ կատարած էր ուխտի օրակարգի առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Սթոլթենպերկ բոլորովին վերջերս այցելած էր նաեւ Անգարա, ուր մասնակցած էր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի պաշտօնամուտի արարողութեան։
Հարկ է յիշեցնել, որ 2019 թուականին Թուրքիա միջոց մը Պալթեան պաշտպանութեան ծրագիրը պլոքաժի ենթարկած էր՝ սեփական անվտանգութեան շահերու նկատմամբ աւելի զգուշութեան եւ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան Սուրիոյ թեւին՝ ԵՓԿ-ի դէմ պայքարի համար աւելի քաղաքական զօրակցութեան պահանջով։
ՆԱԹՕ-ի օրակարգին վրայ մնալ կը շարունակէ նաեւ Շուէտի անդամակցութիւնը, որու վերաբերեալ Թուրքիան ունի վերապահութիւններ։ Ուաշինկթըն-Անգարա առանցքին վրայ այս խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ։