ԸՍՏ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ, ԵՐԵՒԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐՄԱՏԱՊԷՍ ՓՈԽԱԾ ԵՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԱԾ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ

Ռուսաստան շաբաթավերջին խստօրէն կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որպէսզի շտապ միջոցներու ձեռնարկէ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ մտահոգիչ համարուեցաւ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը կը զարգանայ բացասական բեմագրութեամբ։ Մոսկուա ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։ Բնակչութիւնը սննդամթերքի, դեղօրայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակաս ունի, գործնականօրէն զրկուած է ելեկտրական ուժանիւթէ ու կազէ։ Սա կրնայ ամենաողբերգական հետեւանքները բերել Ղարաբաղի հայութեան՝ շրջանի հասարակ բնակիչներուն։ Ուստի, ռուսական կողմը խստօրէն կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան, որպէսզի շտապ միջոցներու ձեռնարկէ՝ Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու, երկու ուղղութեամբ քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու համար, ինչպէս նաեւ վերականգնելու ելեկտրամատակարարումը։

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ 2022 թուականի հոկտեմբերին եւ 2023 թուականի մայիսին, Եւրոմիութեան հովանաւորութեան ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպումներու ժամանակ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած է՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս։ «Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան ինքնիշխան որոշումը, բայց սա արմատապէս փոխած է այն հիմնարար պայմանները, որոնց ներքեւ ստորագրուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի կարգավիճակը։ Կը կարծենք, թէ այս պայմաններուն ներքեւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ճակատագրի պատասխանատուութիւնը պէտք չէ երրորդ երկիրներու վրայ դրուի։ Անհրաժեշտ է անյապաղ սկսիլ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ռուսական կողմը շեշտած է, որ այդ համաձայնագրի անբաժանելի մասը պէտք է ըլլան Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յուսալի ու յստակ երաշխիքները, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի պայմանագրերու ամբողջ ծրարի խիստ կատարումը՝ ներառեալ փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի սկիզբը։

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ վերոյիշեալ բոլոր հանգամանքներու լոյսին տակ ռուսական կողմը կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն նպաստելու ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմը պատրաստ է նաեւ ապագային Մոսկուայի մէջ կազմակերպել արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպում մը՝ քննարկելու համար ամենաբարձր մակարդակով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղիները՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման հարցը՝ Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան գագաթաժողովի մը կազմակերպման հեռանկարով՝ այդ փաստաթուղթի ստորագրման համար։

Հարկ է նշել, որ Մոսկուայէն կատարուած այս յայտարարութեան խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուած է Պաքու։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ պնդուած է, թէ այդ տեսակէտները խոտոր կը համեմատին Ռուսաստանի հետ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերեալ հռչակագրին, նաեւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան մասին յայտարարութիւններու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2023