ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նոր տնօրէնի ընտրութիւն։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան արդէն աւարտած է իր ծառայութեան պայմանագրային ժամկէտը։ Նկատի ունենալով, որ տարիքի բերումով ան չի կրնար երկարաձգել այդ ժամկէտը, անխուսափելի դարձած է նոր տնօրէնի ընտրութիւնը։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան Մատենադարանին ղեկը ստանձնած էր տխուր պատահարէ մը վերջ։ Իրեն նախորդած տնօրէնը՝ Հրաչեայ Թամրազեան անժամանակ ձեւով մահացած էր անողոք հիւանդութեան պատճառով։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան այդ ժամանակ Մատենադարանի պարագային ապահոված էր հարթ անցում մը՝ ստանձնելով տնօրէնի պաշտօնակատարի դերը։ Աւելի վերջ ալ ան արդէն ընտրուած էր տնօրէն։
Այժմ, երբ Տէր-Ղեւոնդեանի առաքելութեան ժամկէտը վերջացած է, Մատենադարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէն մը, որու ընտրութեան փուլին օրակարգի վրայ են որոշ վէճերու քննադատութիւններ, նաեւ խնդրոյ առարկայ է մրցակցութիւն։ Արդարեւ, Հայաստանի կառավարութիւնը ընտրութեան ճիշդ նախօրեակին փոփոխութիւն կատարած է Մատենադարանի տնօրէնի ընտրութեան ընթացակարգին մէջ։ Արդարեւ, Մատենադարանի տնօրէնի թեկնածուներէն ակնկալուած չափանիշներէն մին էր ունենալ տոքթորի գիտական կոչում։ Իսկ ներկայիս այդ չափանիշը անհրաժեշտութիւն մը ըլլալէ դադրած է կառավարութեան որոշումով, ինչ որ կը մեկնաբանուի՝ որպէս միջամտութիւն։
Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնին այժու թեկնածուներն են՝ տնօրէնի պաշտօնակատար Կարէն Մատթէոսեան, կառոյցի մասնագէտներէն Արծրուն Սահակեան եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արա Խզմալեան։