ԵՐԵՒԱՆ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԱՊԵՐԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽԹԱՆ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյայի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը պատասխանատու է քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց գծով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան եւ Ուզրա Զէյա քննարկեցին Հայաստանի ժողովրդավարացման բարեփոխումներու ընթացքը։ Անոնք կարեւորեցին արձանագրուած յաջողութիւնները արդարադատութեան, ոստիկանութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի շրջանակներէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան։ Արմէն Գրիգորեան նոյն ծիրէն ներս կարեւորեց երկկողմանի համագործակցութիւնը՝ երկրի ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման առումով։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի իրադարձութիւններուն։ Փենսիլվանիա նահանգէն ներս նախկին նախագահ ու այժմու նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփի դէմ կատարուած մահափորձին կապակցութեամբ Արմէն Գրիգորեան ցաւակցութիւն յայտնեց։ Ան շեշտեց, որ բռնութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում անընդունելի է։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024