ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ շարունակաբար ջանքեր կը գործադրուին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար։ «Սա դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածաշրջանին վրայ», համոզուած է ան։

ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման օրակարգի եւ նպատակներու, թիրախներու իրականացման յառաջընթացին ուղղեալ Հայաստանի երրորդ կամաւոր ազգային զեկոյցը ներկայացնելու առաջադրութեամբ Նիւ Եորք մեկնած Արարատ Միրզոյեան հերթական անգամ անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին։

Նիւ Եորքի բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին մասնակցութեան զուգահեռ՝ Արարատ Միրզոյեան զանազան առիթներով անդրադարձաւ հրատապ օրակարգի խնդիրներուն։ Ան շարունակեց. «Մեր երկրին համար վերջին տարիներու ամենակարեւոր նախաձեռնութիւնը միտուած է մեր տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման։ Հայաստան անկեղծօրէն ներգրաւուած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղեալ համաձայնագրի կնքման գործընթացին՝ հիմնուելով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքին եւ ըստ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրին սահմանազատման վրայ։ Գործընթացը կը ներառէ նաեւ տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը՝ հիմնուած երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու նկատմամբ լիարժէք յարգանքի հիմքով։ Այս պատկերացմամբ Հայաստան մշակած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որու նպատակն է զարգացնել հաղորդակցութիւնը Հայաստանի եւ հարեւաններուն միջեւ։ Այսպէսով տարածաշրջանի յարաբերութիւններու ամբողջ տրամաբանութիւնը հակամարտութենէ կրնայ փոխակերպուիլ դէպի փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն»։

Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստան շարունակաբար ջանքեր կը գործադրէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ եթէ այդ ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին, ապա սա շատ դրական ազդեցութիւն մը կը գործէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։

Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի երկկողմանի հանդիպումներու շրջանակներէն ներս, Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Թաթիանա Մոլչանի հետ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, ՄԱԿ-ի Եւրոպայի տնտեսական յանձնաժողովի գործադիր քարտուղարուհին է։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը ներկայացուց Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան իրավիճակի վերջին իրադարձութիւնները։ Զրուցակիցները քննարկեցին բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները՝ ներառեալ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու խումբի շրջանակները։

Միրզոյեան եւ Մոլչան քննարկեցին Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի կառոյցներու համատեղ ծրագրերու իրականացման ընթացքին վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի Եւրոպայի տնտեսական յանձնաժողովը։ Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի կողմէ Կայուն զարգացման նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացման ընթացքին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան «2030 թուականի օրակարգ»ի նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի Եւրոպական տնտեսական յանձնաժողովին հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու, վերականգնուող ուժանիւթի, կանաչ տնտեսութեան, բնապահպանութեան, ճանապարհային անվտանգութեան ապահովման բնագաւառները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024