ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՍԵՂՄՈՒԻԼ ՈՐԵՒԷ ՃԱՄԲԱՐԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ո՛չ Արեւմուտքի համար կռնակը կը դարձնէ Արեւելքին եւ ոչ ալ Արեւելքի համար անփոյթ կը գտնուի Արեւմուտքի դէմ։ «Թուրքիա երկիր մըն է, որ չի կրնար միակ ճամբարի մը մէջ տեղաւորուիլ՝ իր աշխարհագրական, մարդկային, տնտեսական ու պատմական կապերուն բերումով», ըսաւ ան։
Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ Պեշթեփէի համալիրէն ներս սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ ան դիտել տուաւ, որ Անգարա որդեգրած է՝ 360 աստիճան արտաքին քաղաքականութիւն մը։ Վերջին շրջանին ունեցած միջազգային ամենաբարձր մակարդակի բազմաթիւ շփումներու լոյսին տակ Էրտողան ըսաւ. «Մեզի համար Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու զարգացման համազօր կարեւոր է նաեւ ամրապնդել համագործակցութիւնը Ասիոյ, Ափրիկէի, Լատինական Ամերիկայի եւ միւս տարածաշրջաններուն հետ։ Մենք, գլխաւորութեամբ մեր հարեւաններուն, բոլորին հետ մեր շփումները կը յառաջացնենք՝ մեր երկրի շահերուն ուղղութեամբ։ Համաշխարհային լարուածութիւնը սարսափազդու համեմատութիւններու հասած է։ Մեծ ուժերու միջեւ բաժնելու կռիւը թափ ստացած է։ Ու մեր տարածաշրջանը շարունակ փուշի վրայ է։ Այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ արտաքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորումը Թուրքիոյ տեսակէտէ նախընտրութենէ անդին՝ անհրաժեշտութիւն մըն է»։
Ի լրումն այս բոլորին, ան ընդգծեց, որ վերջին շրջանին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հետ ունեցած հանդիպումները եղած են բաւական արդիւնաւէտ։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի հետ։ Անոնք անդրադարձան հրադադարի ուղղեալ բանակցութիւններու ամենավերջին կացութեան։