ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ԱԼԻ ՊԱՂԵՐԻ ՔԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Իրանի մօտաւոր անցեալի արտահերթ նախագահական ընտրութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին սա առաջին բարձր մակարդակի ուղղակի շփումն է Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ։ Նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան տակաւին պաշտօնապէս չէ ձեռնարկած իր առաքելութեան, հետեւաբար նոր կառավարութիւնն ալ չէ ձեւաւորուած, յամենայնդէպս, Իրանի նոր իրադ րութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի հետ այս հանդիպումը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Լաւրով եւ Քանի Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի՝ առաւել արդար, ժողովրդավարական ու կայուն աշխարհակարգի ստեղծման շահերու հիմքով բազմակողմանի համագործակցութեան շուրջ կազմակերպուած բաց բանավէճին առթիւ։

Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Լաւրով եւ Քանի քննարկեցին Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանէն ներս լարուածութեան աճը կանխելու եւ առկայ հակասութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական մեթոտներով լուծելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի շարք մը ընթացիկ հարցերու։ Այս առթիւ հաստատուեցաւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի մտադրութիւնը՝ ա՛լ աւելի ամրապնդելու համար բարեկամական յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակը՝ հասնելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան որակապէս նոր մակարդակի մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024