ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԽՕՍԻԼ ԻՐԱՔԻ ԲԱԺԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Անց­նող օ­րե­րը բա­ւա­կան ծանր ե­ղան Ի­րա­քի հա­մար: Պաղ­տա­տի ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին մէջ ե­ղող Սա­տըր եւ Տիա­լա քա­ղաք­նե­րուն մէջ գրան­ցուած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցան շուրջ հա­րիւր ան­ձեր, մինչ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն թի­ւը գե­րա­զան­ցեց ե­րեք հա­րիւ­րը: Երկ­րի Վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տիի իշ­խա­նու­թիւ­նը ստանձ­նե­լէն ի վեր այս յար­ձա­կում­նե­րը ծան­րա­գոյն­նե­րը կը հա­մա­րուին: Պայ­թում­նե­րէն ժա­մեր վերջ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (ISIS) կը ըս-տանձ­նէր ա­նոնց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, պատ­ճառ հան­դի­սա­նա­լով, որ երկ­րին մէջ տի­րող ներ­հա­մայն­քա­յին լա­րուած դրու­թիւ­նը ա­ւե­լիով շի­կա­նայ: ISIS միա­միտ խա­ղա­ցող մը չէ եւ ա­նոր հիմ­նա­կան նը-պա­տա­կը շիի-սիւն­նի լա­րուա­ծու­թեան պատ­րոյ­գը վա­ռելն է: Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ ի­րա­քեան բա­նա­կին կող­մէ ծայ­րա­յե­ղա­կան դրօ­շակ պար­զած ISIS-ի դէմ սկիզբ ա­ռած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չու­նե­ցան ե­րե­ւե­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ: 2014 թուա­կա­նի Յու­նի­սէն ի վեր ISIS-ի տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող Մու­սու­լը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն գլխա­ւոր կա­յա­նա­տե­ղին: Իսկ դէ­պի Ալ Ան­պաար նա­հանգ սկիզբ ա­ռած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը դան­դա­ղին: Ի­րա­քեան բա­նա­կի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տա­խա­նա­տու­ներ ա­ւե­լի վաղ խոր մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած էին այն պատ­ճա­ռով, որ ISIS քի­միա­կան նիւ­թեր պա­րու­նա­կող հրթիռ­ներ ու­նի եւ ա­նոնց դէմ դնե­լու հնա­րա­ւոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը կը բա­ցա­կա­յին: ISIS-ի այդ վտան­գա­ւոր խա­ղին, այ­սինքն՝ քի­միա­կան զէն­քե­րու վտան­գը, ա­ռա­ջին զո­հե­րը քրդա­կան փեշ­մեր­կէի ո­րոշ ջո­կատ­նե­րը ե­ղան: Այս մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ խօ­սե­ցան Գեր­մա­նիոյ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան աղ­բիւր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ստա­ցած էին նոյն քրդա­կան ջո­կատ­նե­րը մար­զե­լու նպա­տա­կով ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի Էր­պիլ շրջա­նը հա­սած գեր­ման բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէ: Նկա­տա­ռե­լի է նաեւ, որ մին­չեւ այս պա­հը քի­միա­կան զէն­քե­րու թի­րախ դար­ձած քրդա­կան ու­ժե­րու կո­րուստ­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պակ­սին: Ըստ ԱՖՓ-ի լրա­տուու­թեան, մեծ թի­ւով քիւրտ զի­նեալ­ներ շնչա­փո­ղա­յին խան­գա­րում­ներ ու­նե­ցած են, բայց կո­րուստ­նե­րուն մա­սին ան­կա­րե­լի է ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ:

Ակ­նե­րեւ է, որ ISIS եր­կու նոր գոր­ծե­լաո­ճեր շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է: Ճա­կատ­նե­րուն վրայ գոր­ծա­ծել քի­միա­կան վտան­գա­ւոր զէն­քեր եւ այլ գետ­նի վրայ աշ­խա­տանք տա­նիլ ներ­հա­մայն­քա­յին ա­տե­լու­թիւն հրարհ­րել յատ­կա­պէս շիի շրջան­նե­րուն մէջ գոր­ծադ­րե­լով ա­կա­նուած ինք­նա­շարժ­ներ պայ­թեց­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը: Ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ Ի­րա­քի քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ ըն­թա­ցող բա­նա­ձե­ւում­նե­րը եւ երկ­րի վար­չա­պե­տին կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րը զար­մա­նա­լիօ­րէն կը շա­րու­նա­կեն մնալ միայն վար­չա­պե­տա­րա­նի ու խորհր­դա­րա­նի սե­նեակ­նե­րէն ներս: Սիւն­նի ա­շի­րէթ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք նա­խօ­րօք ալ դժգոհ էին նախ­կին Վար­չա­պետ Նու­րի Էլ Մա­լի­քիի գոր­ծե­լաո­ճէն, այ­սօր եւս գոհ ըլ­լա­լու բա­ւա­րար տուեալ­ներ չկան: Սիւն­նի­նե­րով բնա­կե­ցուած շրջան­նե­րը կը մնան լքուած ու ան­տե­սուած ու ներ­կայ վար­չա­պե­տը մին­չեւ այս պա­հը չէ կա­րո­ղա­ցած կեդ­րո­նա­կան ու­ժեղ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծել:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տի շրջա­նա­յին ո­րոշ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը իշ­խա­նու­թեան գլուխ հա­սաւ, բայց ա­նոր մօ­տիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու­ տան, որ Ա­պա­տիի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւով մը լքուած է իր ճա­կա­տագ­րին: Յատ­կա­պէս ISIS-ի դէմ պայ­քա­րին մէջ Ա­պա­տի վե­րոն­շեալ եւ այլ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով դար­ձած է ան­զօր: Այս ան­դա­մա­լոյծ ի­րա­վի­ճա­կը եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հո­վա­նին վա­յե­լող յատ­կա­պէս շիի շրջան­նե­րուն մէջ ե­ղած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րիւ­նա­լի պայ­թում­նե­րը նոյն­պէս ցոյց կու­ տան, որ Ի­րա­քի ներ­քին գե­տի­նը կա­յուն ու մա­նա­ւանդ հա­մախմ­բուած չէ: Այս խնդիր­նե­րուն ա­ռաջ­քը ան­կա­րե­լի է առ­նել՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ Ռիատ-Թեհ­րան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ոչ միայն մատ­նուած է ան­գոր­ծու­թեան, այլ եր­կու եր­կիր­նե­րու՝ Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ հա­մար ո­րո­շիչ դեր ու­նե­ցող մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը գլած ան­ցած է բո­լոր սահ­ման­նե­րը:

Ի­րա­քի մէջ ըն­թա­ցող դէպ­քե­րու վե­րա­բե­րեալ Փա­րիզ, Լոն­տոն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ այլ ո­րո­շիչ կող­մեր կը շա­րու­նա­կեն հան­դէս գալ ա­կա­նա­տե­սի դե­րով ու կը բա­ւա­րա­րուին ցա­ւակ­ցա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով կամ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը՝ դա­տա­պար­տու­մի խօս­քե­րով:

Այս ֆո­նին վրայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան ի­րա­քեան թնճու­կէն յոգ­նած ըլ­լա­լու հան­գա­մանք­նե­րը նոյն­պէս ե­րե­ւան կու­ գան ա­մե­րի­կա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեանց մէջ: Ա­սոնց ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը պէտք է հա­մա­րել ա­մե­րի­կեան բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հին՝ զօ­րա­վար Ռէյ Օտ­րէո­նի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր վեր­ջինս ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու կը յայ­տա­րա­րէր, թէ «Ի­րա­քի խնդի­րը կա­րե­լի է լու­ծել միայն եր­կի­րը բաժ­նե­լով»: Օտ­րէոն, որ Ի­րա­քի մէջ ծա­ռա­յած է 2008-2010 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ, լաւ կը ճանչ­նայ երկ­րի հա­մայն­քա­յին դրու­թիւ­նը եւ հա­մայնք­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ բա­ցա­յայտ տա­րա­կար­ծու­թիւնն­նե­րը, չը­սե­լու հա­մար թա­քուն ա­տե­լու­թիւ­նը: Ան նաեւ ը­սած է, որ հա­ւա­նա­կան է, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ստի­պուած ըլ­լայ Ի­րաք ցա­մա­քա­յին ու­ժեր ա­ռա­քել՝ ISIS-ի դէմ կա­ռա­վա­րա­կան բա­նա­կին շղթա­յա­զեր­ծած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն սա­տար կանգ­նե­լու եւ ա­հա­բե­կիչ խմբա­ւո­րու­մը իր սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լու հա­մար: Բնա­կա­նա­բար այս մօ­տե­ցու­մը ան­կեղծ ու ի­րա­ւա­ցի չէ, ո­րով­հե­տեւ ակ­նե­րեւ է, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը տա­կա­ւին չէ հա­մո­զուած, թէ ISIS պէտք է վե­րա­նայ: Յստակ է նաեւ, որ «կի­սաի­րա­ւա­կան» դրոյթ ստա­ցած եւ «պե­տա­կան» միա­ւո­րի վե­րա­ծուած ISIS կը շա­րու­նա­կէ ժրա­ջան կեր­պով դրամ կու­տա­կել եւ ա­մե­նէն «յար­մար» գի­նե­րով նաւթ մա­տա­կա­րա­րել տար­բեր կող­մե­րու:

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տուին ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ոչ միայն ի­րաք­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու աչ­քե­րուն փո­շի ցա­նել է, այլ նաեւ ը­սել է, թէ Ի­րա­քի բա­ժա­նու­մին մա­սին մօ­տե­ցու­մը ա­րեւմ­տեան բո­լոր կող­մե­րուն մօտ մեծ ընդ­դի­մա­խօս­ներ չու­նի: Ռու­սա­կան կող­մը հա­կա­ռակ ա­նոր, որ կրնայ հա­մա­միտ չըլ­լալ այս մօ­տե­ցու­մին, բայց եւ այն­պէս ե­րե­ւե­լի է, որ Ռու­սաստանի հա­մար ներ­կա­յիս Ի­րաք ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մը չէ:

Բա­ցի այս բո­լո­րէն, երկ­րի վար­չա­պետ Հայ­տար Ա­պա­տի նաեւ քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դէմ յան­դի­ման է: Վար­չա­պե­տը կը փոր­ձէ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­ներ կա­տա­րել եւ «եր­կա­թեայ բռունցք»ով հա­րուա­ծել ու տնտե­սա­կան ա­պօ­րի­նի մեծ գոր­ծարք­ներ կա­տա­րած բո­լոր կող­մե­րը չէ­զո­քաց­նել: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ վար­չա­պե­տը շա­հած է հան­րու­թեան նե­ցու­կը եւ վստա­հու­թիւ­նը, բայց ա­նոր ա­քիլլէ­սեան կրուն­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ երկ­րին ա­պա­հո­վա­կան ցնցում­նե­րը: Ու զար­մա­նա­լի չէ ISIS-ի կող­մէ Պաղ­տա­տի շիի շրջան­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած ա­րիւ­նա­լի գրոհ­նե­րուն ժամ­կէ­տը:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին դի­մաց ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տուին հնչե­ցու­ցած խօս­քե­րը «լուր­ջի առ­նուե­լիք» յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ են:

Ներ­կա­յիս ա­նել ի­րա­վի­ճակ մը կը տի­րէ ու ISIS կը փոր­ձէ ա­մէն գնով լայն­ցնել իր ա­պա­հո­վա­կան կար­միր քօղե­րը: Խմբա­ւոր­ման հա­մար վեր­ջին կա­րե­ւո­րա­գոյն թի­րա­խը Պի­ժի նա­հան­գին գրա­ւումն ու այդ նա­հան­գին ու Մու­սու­լի մի­ջեւ կա­պի ստեղ­ծումն է:

Ըն­թա­ցող դէպ­քե­րը ցոյց կու­ տան, որ Ի­րա­քի մէջ ISIS-ի գոր­ծադ­րած զի­նուո­րա­կան «հնարք»նե­րուն դի­մաց Պաղ­տա­տի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դար­ձած է ան­զօր: Իսկ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­յին մի­ջամ­տու­թեան մա­սին խօս­քե­րը չեն կրնան փա­փա­քի սահ­մա­նե­րը անց­նիլ, ո­րով­հե­տեւ այդ մէ­կը Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի վար­քա­գիծ մըն է: Հե­ռու չէ պատ­կե­րաց­նել, որ ի­րա­քեան վէր­քը պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­րիւ­նա­հո­սիլ այն­քան ա­տեն, երբ շրջա­նին մէջ ի­րա­կան լու­ծում­նե­րու հանգ­րուա­նը սկիզբ չէ ա­ռած: Հան­գու­ցա­լու­ծու­մը սկիզբ կ­­՚առ­նէ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու դրա­կան նշոյ­լով մը, որ մին­չեւ այս պա­հը չ՚ե­րե­ւիր: Այս բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը գու­մա­րե­լով կա­րե­լի է ը­սել, որ ի­րա­քեան բա­ժա­նու­մի մա­սին խօս­քե­րը միա­միտ մօ­տե­ցում­ներ չեն: Սա­կայն Ի­րա­քի ե­րեք կամ չորս միա­ւոր­նե­րու բաժ­նե­լու ժա­մա­նա­կը տա­կա­ւին չէ հա­սուն­ցած:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2015