ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտարարեց, որ Չինաստան առաջարկներ ներկայացուցած է Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին շուրջ։ Երեւանի մէջ, Հայաստանի կառավարութեան վերջին նիստի աւարտին, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Գագիկ Բեգլարեան անդրադարձաւ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման ծրագրին։ Բեգլարեան ըսաւ, թէ այս հարցը իրենց ամենօրեայ աշխատանքային ծիրին մաս կը կազմէ եւ նոյն շրջագծով յառաջիկայ ամսավերջին այցելութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Չինաստան։
«Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման հարցը։ Մենք առաջարկներ ունինք բազմաթիւ կազմակերպութիւններէ, սակայն առանձնացուցած ենք անոնց շարքին երկուքը։ Չինական կողմէն առաջարկներ ստացած ենք երկաթուղիին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած ենք մեր առաջարկները», ըսաւ Բեգլարեան, որ չփափաքեցաւ այս հանգրուանին մանրամասնութիւններու մէջ խորանալ։ Ըստ իրեն, համաձայնութեան հասնելէ վերջ է, որ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին։ Յամենայնդէպս, չինական կողմը շահագրգռուածութիւն ունի եւ նախարարին համոզմամբ, կատարուած են լաւ առաջարկներ։ Վերջնական արդիւնքները պիտի յստակենան յետ քննարկումներու։
Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ միջազգային գետնի վրայ ապահովուած համաձայնութեամբ ստեղծուած բարենպաստ մթնոլորտին մէջ ներկայիս թափ կ՚առնեն նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ մշակուած հսկայական ռազմավարական ծրագրերու քննարկումները։ Արդարեւ, անոնց իրականացման շօշափելի հեռանկարը ուրուագծուած է եւ երկու հարեւան երկիրները կը ձգտին նոր մակարդակի մը հասցնել իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Նախարարաց խորհուրդի վերջին ժողովին ընթացքին Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ալ մասնաւոր անդրադարձ կատարած է այս նիւթին։
Միջազգային համաձայնութեան հետեւեցաւ Հայաստան-Իրան ելեկտրահաղորդման բարձրավոլթ երրորդ գծի շինարարութեան ծրագրի աշխատանքներու վերսկսման վերաբերեալ փաստաթուղթին ստորագրումը։ Սա կը նշանակէ, որ շինարարական աշխատանքները կը թեւակոխեն աշխոյժ փուլ մը։ Յստակ է, որ Իրանի հետ համագործակցութիւնը, յատկապէս ուժանիւթի բնագաւառէն ներս, առանցքային նշանակութիւն ունի երկու երկիրներուն համար։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքներուն աշխուժացումը պիտի նպաստէ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու զգալի մեծացման։
Միջազգային ու տարածքաշրջանային ներկայ նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստան ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձանագրած է, որ Իրան իրեն համար կարեւոր ու խոստմնալից հարեւան մըն է։ Մեկնաբաններու համոզմամբ, սա փոխադարձ հանգամանք մըն է միանշանակօրէն, որովհետեւ Իրանի տեսակէտէ բարդ օրերուն Հայաստան որդեգրած էր հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը՝ վնաս չհասցնելով իր հարեւանի շահերուն։