Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան ըստ իր պատ­րաս­տած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, տա­րուան ըն­թաց­քին հո­վուա­կան այ­ցելու­թիւն կը շնոր­հէ թե­միս ծու­խե­րուն, Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցա­նէ, կը քա­րո­զէ, ինչ­պէս նաեւ ձեռ­նադ­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ:

Այս­պէս, Օ­գոս­տո­սի 9-ին, Ս. Աս­տուա­ծած­նի պա­հոց Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րը Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թիւն շնոր­հեց Քրե­սեն­թա հո­վի­տի՝ Թա­հան­կա­յի Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին: Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց ծու­խի հո­գե­ւոր Հո­վիւ Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Ա­բո­վեան, իսկ հո­գե­ւոր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Սրբա­զան Հայ­րը:

Կը հա­ղոր­դուի, թէ  Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Ա­բո­վեանի վերհս­կո­ղու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Սե­ղա­նի նո­րո­գու­թիւ­նը մօտ ա­պա­գա­յին պի­տի ա­ւար­տի եւ յար­մար ա­ռի­թով մը Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձե­ռամբ պի­տի օ­ծուի՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու եւ երգ­չա­խում­բի: Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­կան նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսին ըստ նախագծուած ծրագ­րի:

Տէր Հօր, Ծխա­կան խոր­հուր­դի, Տիկ­նանց միու­թեան եւ յա­րա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­կան ջան­քե­րուն շնոր­հիւ ծու­խը եւ հայ հա­մայն­քը օ­րըս­տօ­րէ ա­ւե­լի կը կազ­մա­կեր­պուի եւ կը զօ­րա­նայ: Գնա­հա­տե­լի է, որ ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րը եւ երգ­չա­խում­բը հիա­նա­լի կեր­պով կը կա­տա­րեն Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն բա­ժի­նը: Ծու­խէն ներս կը գոր­ծեն նաեւ Շա­բա­թօ­րեայ եւ Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­ներ, ուր հայ փոք­րիկ­նե­րը կը թրծուին Ս. Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­գամ­նե­րով եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով, կը խօ­սին հա­յե­րէն եւ կը ծա­նօ­թա­նան հայ մշա­կոյ­թին եւ պատ­մու­թեան: Ծնող­ներ կրնան ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ար­ձա­նագ­րել Շա­բա­թօ­րեայ եւ Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րը:

Ծու­խէն ներս հաս­տա­տուած են նաեւ ա­րուես­տի եւ անգ­լե­րէն լե­զուի դա­սըն­թաց­քներ, ո­րոնք մե­ծա­պէս օգ­տա­կար կը հան­դի­սա­նան շրջա­նի հա­յու­թեան: Բա­ցի Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն, ծու­խը ու­նի նաեւ մար­զա­կան բազմաթիւ ծրա­գիր­ներ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար:

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2015