«ԳՆԴԱԿԸ՝ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ»
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է սահմանը բանալու եւ ներկայիս գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դաշտին մէջ։ Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան յունիսին համաձայնութիւն գոյացած էր երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներուն՝ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի միջեւ։ Այդ պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուած է քանի մը անգամ՝ ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով։ Փոխ-նախարարը յիշեցուց, որ տարեմուտի երկրաշարժէն վերջ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա կատարած այցելութեան ընթացքին եւս սոյն պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուած էր։ «Մենք պատրաստ ենք սահմանի բացման թէ՛ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ թէ ընդհանուր առմամբ», ըսաւ ան։