«ԼՈՅՍԻ ԵՒ ԽԱՒԱՐԻ ՄԻՋԵՒ»

Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի ողբերգութիւնը կը խորանայ։ Միջազգային ընտանիքը յառաջ կը տանի լուծման որոնումներ։ Թուրքիան ալ անմասն չէ այդ բոլորէն, որպէսզի մշտական խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւնը ըլլայ։ Անգարա շահագրգիռ կողմերուն իրերայաջորդ կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի լարուածութիւնը չբարձրանայ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաքի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ։ Առկայ պայմաններով Թեհրանի դիրքորոշումը ունի շատ նուրբ նշանակութիւն։ Ռայիսին ալ, բացի Էրտողանէն, երէկ զրուցեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որն ալ, իր հերթին, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւս դիւանագիտական խտացեալ շփումներուն կը մասնակցի անմիջականօրէն։ Ան երէկ զրուցեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ Փեքինի մէջ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ տեսակցեցաւ։ Մինչ այդ, Փութինն ալ այսօր կ՚այցելէ Փեքին։ Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն կապի մէջ էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որ վեց արաբական երկիրներ այցելելէ վերջ վերադարձաւ Իսրայէլ։ Նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփման մէջ էր նաեւ «Համաս»ի ղեկավարին հետ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Անգարա ներկայիս կը պատրաստուի խաղաղութեան ծրագիր մը օրակարգի վրայ բերել։ Այդ նախագիծը կ՚ընդգրկէ երաշխաւորներու դրութեան մը ստեղծուիլը՝ հակամարտութեան վերջ տալու եւ երկու պետութիւններու հիմքով խաղաղութիւն ապահովելու հորիզոնով։ Երաշխաւորներու շարքին նախատեուած է նաեւ Թուրքիան։

Թէեւ բազմաթիւ ուղղութիւններով դիւանագիտական շփումները թափ առած են, սակայն, առայժմ յայտարարութիւններու ոճը չէ մեղմացած։ Նախագահ Ռայիսի յայտնեց, որ Պաղեստինին աջակցիլը Իրանի անշրջելի քաղաքականութիւնն է։ Վարչապետ Նեթանիյահուն ալ նշեց, որ ներկայիս մղուած պատերազմը՝ լոյսի եւ խաւարի, մարդկութեան եւ անասնականութեան միջեւ է։ Իր խօսքով՝ Իսրայէլի նպատակն է «Համաս»ի դէմ յաղթանակը, անոր տապալումը իշխանութենէն։

Այս յայտարարութիւնները հնչեցին ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր Իսրայէլ նախատեսուած այցելութեան նախօրեակին։ Այս ուղեւորութիւնը Ուաշինկթընի հաստատուն աջակցութեան հերթական դրսեւորումը կը հանդիսանայ։

ՅԱՏՈՒԿ ԹՌԻՉՔ

Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ կազմակերպեց Թել Աւիւ-Երեւան յատուկ թռիչք մը։ Առկայ պատերազմական պայմաններու մթնոլորտին ներքեւ անփորձանք ձեւով Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը հասած օդանաւը ունէր 149 ճամբորդ։ Կը հաղորդուի, որ ուղեւորներու շարքին կը գտնուէին թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ թէ ազգութեամբ հայեր։

Չուերթի ուղեւորներէն մին Երեւան հասնելէ վերջ լրագրողներուն ըսաւ. «Պատմելու բան չէ, սա պէտք է տեսնել, հիմա հայրենիքի մէջ եմ եւ սա ինձ հերիք է»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023