ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ելոյթով մը հանդէս կու գայ Եւրոխորհրդարանին մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Սթրազպուրկ։ Կը հաղորդուի, որ Փաշինեանին ելոյթը նախատեսուած է տեղւոյն ժամով կէսօրուան շուրջ։
Սթրազպուրկի մէջ նախատեսուած են վարչապետին հանդիպումները՝ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի, Եւրոխորհուրդի ընհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչի եւ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Մամֆրէտ Վեպէրի հետ։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։
Սթրազպուրկի այս ելոյթէն վերջ, դէպի ամսավերջ նախատեսուած է Փաշինեանի ժամադրութիւնը Ալիեւի հետ, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս հանդիպման ընդառաջ բոլոր դերակատարները կը հետեւին իրադրութեան։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իրենց երէկուան հեռախօսազրոյցին ժամանակ արժեւորեցին Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ։ Պայրամով այս առթիւ նշեց, որ ներկայիս Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու իսկական հնարաւորութիւններ կան եւ յոյս յայտնեց, թէ հայկական կողմը դրական կը գնահատէ այդ հնարաւորութիւնները։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնականներէն Էլչին Ամիրպեկով BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Պաքուն Սիւնիքի մարզը կը ճանչնայ՝ որպէս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ «Բայց մեզի համար կարեւոր է իմանալ, թէ միւս կողմը ինչպէս պիտի ապահովէ միջանցքի երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։ Մեզի անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր ուղեւորի անվտանգութեան երաշխիքները։ Պաքու պատրաստ է բանակցութիւններու, բայց եթէ Երեւան որոշէ գործընթացը ձգձգել, ապա Ատրպէյճան պատրաստ է նաեւ երթուղի հարթելու Իրանի տարածքով», ըսաւ ան։